Անցեալ շաբաթ, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամներ այցելելով Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Տաւուշի մարզեր, հարիւրաւոր ընտանիքներու օգնութեան փաթեթներ տրամադրեցին։

Նկատի ունենալով համաճարակի պատճառով տնտեսապէս խոցելի կացութեան մատնուած հայ ընտանիքներու վիճակը, Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան»  Ուսանողական Միութիւնը մեկնարկած են Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներուն անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու ծրագիր մը՝ «Օգնէ՛ Հայրենակիցիդ» (“Help Your Compatriot – #TogetherWeWillWin”) խորագիրով:

ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութիւնը (ՔԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութիւնը միացան  Հայաստանի իրենց գաղափարակից ընկերներուն «Օգնէ՛ Հարենակիցիդ» ծրագիրին եւ 8 Մայիսին հրապարակեցին առցանց նուիրահաւաքի տուեալներն ու մանրամասնութիւնները։

«Օգնէ՛ Հայրենակիցիդ» ծրագիրով օժանդակութիւն եւ օգնութիւն կը տրամադրուի Հայաստանի մարզերու եւ սահմանամերձ գիւղերու կարիքաւոր ընտանիքներու։ Այս գծով, իրենց ներդրումը կը կատարեն, նաեւ  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը, Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութիւնն ու ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը։