ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէն հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակած է եւ նշած, որ քանի ամիս առաջ ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն դիմած էր Երեւանի քաղաքապետարանին` առաջարկելով Արամ Մանուկեանի արձանի դիմաց տեղադրել բազմալեզու ցուցանակ մը, որ ամփոփ ձեւով կը ներկայացնէր Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրին կենսագրականը:
Երեւանի քաղաքապետարանը մերժած է առաջարկը:
Հաղորդագրութեան մէջ հրապարակուած է թէ՛ առաջարկը պարունակող նամակը, թէ՛ քաղաքապետարանի պատասխանը:
Նախքան գրաւոր պատասխանը, քաղաքապետարանէն ուղղակի կապ հաստատած են կոմիտէին հետ ու փորձած համոզել, որ այդ ցուցանակին կարիք չկայ, պատճառաբանելով.«Աշխարհին մէջ չկայ ոչ մէկ արձան, որուն կողքին տեղադրուած ըլլայ ցուցանակ` կենսագրական մանրամասնութիւններով: Զբօսաշրջիկը կրնայ «Կուկըլ»-ով որոնել եւ իր ուզած տուեալները կարդալ: Ինչո՞ւ կ՛ուզէք անպայման կուսակցականացնել Արամ Մանուկեանը»:
Իբրեւ պատասխան կոմիտէն յստակացուցած է.
1. Նամակներու կողքին կը հրապարակենք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող արձաններու լուսանկարներ, ուր կ՛երեւին արձանը մարմնաւորող անձնաւորութեան մասին կենսագրական եւ այլ մանրամասնութիւններ:
2. Իսկ ինչո՞ւ սպասել, որ զբօսաշրջիկը ի՛նք փորձէ տուեալներ որոնել Արամ Մանուկեանի մասին, երբ կարելի է այդ բոլորը հակիրճ հրամցնել ցուցանակով: Միթէ զբօսաշրջութիւնը քաջալերելու հիմնական միջոցը զբօսաշրջիկին ամէն բան դիւրին հասանելի դարձնելը չէ՞:
3. Եւ, վերջապէս, մեր առաջարկած գրութեան մէջ դուք ո՞ւր կարդացիք Դաշնակցութիւն բառը:
Քաղաքապետարանի գրաւոր պատճառաբանութիւններուն կարելի է ծանօթանալ պատասխան նամակէն:
«ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն այս հարցը չէր բարձրաձայներ, քանի որ մերժումի նամակը ստացուած էր համավարակի տարածման եւ արտակարգ դրութեան յայտարարութեան նախօրեակին: Սակայն վերջերս քաղաքային իշխանութեան` երկրին մէջ տիրող իրադրութենէն կտրուած քննարկումները Մահաթմա Կանտիի արձանի տեղադրման մասին, մեզ մղեցին այս հարցը հրապարակաւ արծարծելու:
«ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն իր հերթին կը մերժէ քաղաքապետարանի մերժողական պատասխանը եւ պիտի շարունակէ հետամուտ ըլլալ Արամ Մանուկեանի արձանի դիմաց ճարտարապետական չափանիշերուն համապատասխան ցուցանակի տեղադրման արտօնութեան ձեռքբերման: Այս իմաստով հրապարակաւ կը դիմենք Երեւանի Աւագանիի բոլոր խմբակցութիւններուն` այս հարցը քննարկելու Աւագանիի յաջորդ նիստին եւ հաստատելու ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի առաջարկը:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի պատասխան նամակին մէջ նշուած երկրորդ կէտին` Առաջին Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքի ճակատին ցուցանակ տեղադրելուն, որ դարձեալ առաջարկած էինք քաղաքապետարանին եւ համաձայնութիւն ստացած, ապա էսքիզի պատրաստութեան աշխատանքները արդէն կ՛ընթանան, եւ շուտով նախագիծը պիտի ներկայացնենք քաղաքային իշխանութիւններուն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: