Կիրակի, 10 Մայիս 2020-ին, Սուրիոյ Փոխադրամիջոցներու Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հալէպի երկաթուղագիծը բանիլ սկսած է: Կայարանի տնօրէնութիւնը ի գործ դրած է պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն նախազգուշանալու բոլոր միջոցները, մարդոց միջեւ հեռաւորութիւն պահելով եւ խճողումը կանխելով։ Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ 31 Մայիս 2020-էն սկսեալ Թարթուս-Լաթաքիա նահանգներու միջեւ երկարող երկաթուղագիծը եւս բանիլ պիտի սկսի։