«Ապառաժ».-Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի խորհրդական Անոյշ Ղաւալեան դիմատետրի էջին վրայ կատարած գրառումով յայտնած է պատգամաւորական հովանաւորութենէն Աշոտ Ղուլեանի հրաժականին մասին.
«Նոր ժողովով Ազգային ժողովի Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան (այսուհետեւ՝ ԱԺԿ) հովանաւորութիւնը կը ստանան ԱԺ պատգամաւորներ Գեղամ Ստեփանեան եւ Դաւիթ Մելքումեան:
Կուսակցութեան ցուցակը գլխաւորող ԱԺԿ ղեկավար, գործող ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան հրաժարած է պատգամաւորական հովանաւորութենէն` ինքնաբացարկի դիմում ներկայացնելով Կեդրոնական Ընտրութեան Յանձնախումբին: 7-րդ ժողովին խորհրդարան չգալու իր որոշումին մասին Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարը բազմիցս յայտնած է նաեւ նախընտրական հանդիպումներու ընթացքին»: