«Էրմէնիհապեր».-Հրանտ Տինքի այրիին` Ռաքէլ Տինքին սպանութեամբ սպառնացող հ․ Ա․ անունով Թուրքիոյ քաղաքացիին դէմ հետաքննութիւն  սկսած է, զայն  ձերբակալած են:

Յիշեցնենք, որ Իսթանպուլի մէջ գործող Հրանդ Տինք հիմնադրամը նախօրէին յայտարարութիւն  տարածած էր, որուն համաձայ,  անյայտ անձը կամ անձեր 27-28 Մայիսին  հիմնադրամի ելեկտրոնային հասցէին սպառնալից նամակ  ուղարկած են, որուն մէջ տեղ  գտած են պնդումներ, թէ Հրանդ Տինք հիմնադրամը «Եղբայրութեան հեքիաթներ»  կը պատմէ: Նամակի հեղինակները սպառնացած են սպանել Հրանդ Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինքը եւ հիմնադրամի իրաւաբանը:

Ձերբակալուած անձը Քոնիայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ ստուգուելէ ետք տեղափոխուած է Քոնիայի ոստիկանութեան նահանգային վարչութիւն, այնուհետեւ` Իսթանպուլ: Կասկածեալը մեղադրուած  է «Դիտաւորեալ վնաս հասցնելու, սպառնալու եւ վիրաւորանք ուղղելու յանցանքով»:

Քաղաքացին իր խոստովանական ցուցմունքին մէջ յայտնած է, որ նամակ ղրկելու պատճառը համացանցի միջոցով ծանօթացած ազգութեամբ ատրպէյճանցի իր ընկերուհիին` Ղարաբաղի հայերու մասին պատմածներէն ազդուած ըլլալն է:

Ան խոստովանած է, որ բացի ուղարկած նամակէն, հեռաձայնած է նաեւ հայկական եկեղեցիներէն մէկուն, սակայն պատասխանող չէ եղած: