ՍԱՆԱ.- թրքական «Զաման» թերթը հրապարակած է յօդուած մը, ուր հաստատուին տեղացիներուն ՍԱՆԱ-ին փոխանցած տեղեկութիւնները, թէ թրքական վարչակարգը կը գողնայ սուրիական Ճեզիրէի շրջանի հացահատիկի բերքը։
ՍԱՆԱ-ի թղթակցութեան մէջ նշուած էր, որ ըստ տեղական աղբիւրներու՝ թրքական վարչակարգը հացահատիկներու իր հաստատութեան միջոցաւ կը գողնայ Հասիչէի, Ռաքքայի եւ անոնց շրջակայքի հացահատիկի բերքը, պարտադրելով տեղւոյն գիւղացներուն հացահատիկը իրե՛նց ծախել։
«Զաման» թերթը բացայայտած է, որ Ուրֆայի հարաւը գտնուող Աքշըքալէ սահմանային անցքը հացահատիկի բերքահաւաքը սկսելէն ի վեր աննախադէպ ձեւով աշխուժացած է, հոնկէ կ’անցնին Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած սուրիական տարածքներէն եկող հացահատիկ փոխադրող բեռնատար մեքենաները, նկարագրելով այս արաքը, իբր գողութիւն։
Բեռնատարներէն մէկուն վարորդը՝ Սալէհ Ճոնտօղտու, յայտնած է, որ ինք սուրիական գրաւեալ Թէլ Ապիատ քաղաքէն դէպի թրքական կողմը կը փոխադրէ ցորեն եւ գարի եւ բեռը կը պարպուի Ուրֆայի հացահատիկներու հաստատութեան ամբարներուն մէջ։ Վարորդը շեշտած է, որ այս աշխատանքը կարճ ժամանակի մը համար դադրած է պսակաձեւ ժահրի տարածման պատճառով, աւելցնելով՝ «Պսակաձեւ ժահրի տարածումին պատճառով առժամաբար աշխատնքը դադրեցնելէ ետք, վերջերս վերսկսանք»։
Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները Ճեզիրէի շրջանին մէջ կը հրկիզեն ցորենի ու գարիի հասուն արտերը, պարտադրելով տեղւոյն գիւղացիներուն ծախել բերքը թրքական հաստատութեան, հարուածելու համար սուրիական տնտեսութիւնը, որ կը դիմագրաւէ արեւմտեան երկիրներու պարտադրած տնտեսական շրջափակումը՝ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեամբ։
Յիշենք, որ թրքական վարչակարգը Սուրիոյ հիւսիսի գրաւեալ շրջաններուն մէջ կը տանի թրքացման աշխատանք, տեղացիներուն պարտադրելով առօրեայ առուծախի համար օգտագործել թրքական լիրա, յատկապէս Հալէպի գիւղական շրջաններէն Ազազի մէջ, մղելով տեղացիները թրքական լիրային դէմ ցոյցերու։