«Ազդակ».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 18 Յունիսին այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց պետական հաստատութիւնները յարգելու կարեւորութիւնը` գնահատելով երկիրը քանդել փորձողներուն դիմադրելու ներքին գործոց նախարարին ջանքերը:

Երեսփոխան Բագրատունի Ֆահմին իրազեկ դարձուց այն քայլերէն, որոնք առնուեցան` իբրեւ պատասխան կարգ մը սադրիչներու կողմէ լիբանանահայութեան դէմ արձանագրուած սպառնալիքներուն եւ որդեգրուած կասկածելի կեցուածքներուն:

«Այդ կեցուածքները անարգանք են իւրաքանչիւր լիբանանցիի եւ լիբանանեան իւրաքանչիւր համայնքի համար», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Ան ցաւ յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կ՛օգտագործուի դրդելու, համայնքային գրգռութիւններ հրահրելու եւ նոյն ժողովուրդին մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու: «Լիբանանի հայ համայնքը իր դէմ նիւթուող ոչ մէկ ձեւի կամ տեսակի սադրանքներու, թակարդներու եւ արտաքին զօրակցութիւն վայելող գաղտնի սպասարկութեանց գործունէութեան մէջ պիտի ներքաշուի: Լիբանանահայութիւնը, իբրեւ Լիբանանը կերտող համայնք, մերժած է ու պիտի շարունակէ մերժել ներքաշուիլ որեւէ տեսակի սադրանքի մէջ: Հետեւաբար իրաւական դաշտը կը մնայ միակ երդիքը, որուն յարկին տակ կ՛ուզենք գործել, իսկ դատական իշխանութիւնը կը մնայ միակ միջոցը, որուն շնորհիւ կարելի է իրականացնել իրաւունքն ու արդարութիւնը», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: