ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամները կանխեցին Խորհրդարանական վեհաժողովին բիւրոյի յայտարարութեան մէջ հակահայ ձեւակերպումներու ներառումը: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գայիանէ Աբրահամեան:
«Բարդ ու լարուած բանակցութիւններու արդիւնքով ունեցանք հաւասարակշռուած փաստաթուղթ՝ «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի Բիւրոյի յայտարարութիւնը։ Յաջողեցանք բիւրոյի նիստին ներկայացուած յայտարարութեան նախնական բնագիրէն դուրս բերել ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն մեծապէս վնասող ձեւակերպումները, այլեւ կանխել ատրպէյճանական պատուիրակութեան՝ ԼՂ հիմնահարցին մասին միակողմանի ձեւակերպումներ ներառելու փորձերը», յայտնեց Աբրահամեան:
Պատգամաւորը աւելցնելով ըսաւ, որ այդ կարեւոր եւ հիմնարար փաստաթուղթի առաջին իսկ դրոյթին մէջ, վերահաստատելով Արեւելեան գործընկերութեան պետութիւններու յանձնառութիւնը՝ նախաձեռնութեան մէջ եղող արժէքներուն, ի շարս այլոց կ՛ընդգծուի ինքնորոշման իրաւունքը։
Գայեանէ Աբրահամեան աւելցուց, որ յայտարարութեան մէջ առանձին կէտով անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Հայաստանի-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի կարեւորութեան։ «Յայտարարութեան մէջ առանձին կէտով ընդգծւում է նաեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի կարեւորութիւնը, որը սահմանում է շրջանակ Հայաստան-Եւրամիութիւն գործընկերութեան խորացման, ԵՄի կողմից Հայաստանում ընթացող քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներին աջակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման գործում Հայաստանի դերի ամրապնդման համար», կը գրէ Գայեանէ Աբրահամեան: