Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2020-ին, զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ գիշերուան ժամը 00:45-ին, սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին Համայի արուարձաններու Սալամիէ գիւղին ուղղութեամբ Իսրայէլի արձակած հրթիռներուն, վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը:
Իսկ Երեքշաբթի գիշեր ժամը 09:17-ին, Իսրայէլ Փալմիրի արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան սահմաններէն հրթիռներ արձակեց Տէր Զօրի արեւմտեան Քապաճէպ եւ Սուխնա, իսկ Սուէյտայի հարաւային Սալխատ գիւղերուն մէջ գտնուող զինուորական կեդրոններու ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով արձականգրուեցան երկու զոհ, չորս վիրաւոր եւ նիւթական վնասներ: