«Ազդակ».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 29 Յունիսին ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը:

Նախագահը նշեց, որ Արցախի մէջ ուշադրութեամբ կը հետեւին Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական ծանր իրավիճակին առնչուած զարգացումներուն եւ մտահոգ են լիբանանահայութեան կացութեամբ: Հանրապետութեան նախագահին համաձայն,  հակառակ անոր որ տնտեսական խնդիրները չէ շրջանցած նաեւ Արցախը, սակայն Արցախի կառավարութիւնը իր համազգային պատասխանատուութեան ծիրին մէջ կը քննարկէ իր ունեցած սուղ միջոցներէն լիբանանահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն ցուցաբերուելիք աջակցութեան ծաւալը:

Կարօ Քեպապճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արայիկ Յարութիւնեանին` ջերմ ընդունելութեան եւ ցուցաբերուող աջակցութեան համար` ընդգծելով, որ ասիկա փաստացի ապացոյցն է այն իրողութեան, որ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան համար հայրենիքը ամէնէն յուսալի վայրն է:

Հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ Արցախի նախագահի` սփիւռքի հարցերով խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեան: