Այսօր առաւօտ, Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու հայ համայնքի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան այցելեց Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի պետ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանին՝ ստանալու անոր օրհնութիւնը:
Գերապայծառ Տէրը իր զօրակցութիւնը յայտնեց թեկնածու Ժիրայր Րէիսեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն: