Տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 28 Յունիս 2020-ին Բերիոյ Հայոց Թեմի Հալէպի Ճեզիրէի շրջանի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Հայրապետական Մաղթանքի արարողակարգ կատարուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 25-ամեակին առիթով:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագին եւ Հայրապետական Մաղթանքի արարողակարգը կատարեց, ներկայութեամբ՝ Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեանի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի եւ ազգային մարմիններու անդամներուն, ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որոնք եկած էին ազգընտիր հովուապետին գահակալութեան 25-ամեակին առիթով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու:
Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան:
Հայրապետական մաղթանքի արարողակարգի ընթացքին ընթերցուեցան աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ՝ Վեհափառ Հայրապետին ուղղուած քաջառողջութեան, աստուածահաճոյ ծառայութեան եւ արեւշատ տարիներու բարի մաղթանքներուն կողքին, ի պայծառութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը հիմնուած էր աւետարանական հետեւեալ համարին վրայ. «Ես եմ հովիւն քաջ. հովիւ քաջ զանձն իւր դնէ ի վերայ ոչխարաց»: Սրբազան Հայրը լուսարձակի տակ առաւ յատկանիշները քաջ եւ վաւերական հովիւին՝ Քրիստոսին, որ երեք տարիներու ծառայութեամբ փնտռեց կորսուածները եւ Աստուծոյ առաջնորդեց զանոնք, փրկութեան եւ յաւիտենականութեան ճամբան բանալով անոնց առջեւ:
Օրուան բարեպատեհ առիթը յիշատակելով սրբազան հայրը ըսաւ. «Այսօր Հայ Եկեղեցին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը յիշատակեն իրենց Հայրապետին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 25 տարիներու ամբողջական ծառայութիւնը: Այսօր Հայ Եկեղեցին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բոլոր թեմերով եւ ժողովուրդով անգամ մը եւս կը յիշեն անկիւնադարձային կարեւոր այն պահը եւ փուլը, երբ հայ ժողովուրդը ունեցաւ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին արժանընտիր յաջորդը, որ 25 տարի եղաւ օրինակ ամրութեան, ծառայութեան, խորագիտութեան, իմաստութեան, ամբողջական նուիրումի եւ անձնազոհութեան»:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ վեհափառ հայրապետին հովուապետի, եպիսկոպոսապետի եւ ազգապետի յանձնառու կեցուածքը, որուն շնորհիւ ան դարձաւ մեր եկեղեցւոյ, արդարութեան եւ պահանջատիրութեան ձայնը միջազգային բեմերու վրայ:
Այս առիթով, սրբազան հայրը Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհաւորական խօսք ուղղեց սրբազնագոյն կաթողիկոսին, մաղթելով կատարեալ առողջութիւն ի մասնաւորի ներկայիս եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւններուն դիմաց եւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած մաղթեց, որ ազգընտիր հովուապետին հայրապետական ցուպը առաւել ծաղկի եւ պայծառանայ՝ ի փառս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:
Ս. Պատարագէն ետք, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ «Ն. Աղբալեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային մարմիններու շնորհաւորական հաւաքը՝ վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակին առիթով: Վերոյիշեալ ներկաներուն միացան նաեւ Թեմի եկեղեցիներու թաղականութիւնները, տիկնանց յանձնախումբերը, դպրապետներն ու դպրաց դասերը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով երախտապարտութեամբ յիշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին արժանիքները, անցնող 25 տարիներու հովուապետական ծառայութիւնը, լուսարձակի տակ առնելով Արամ Ա. Կաթողիկոսին յանդուգն կեցուածքը միջեկեղեցական եւ միջկրօնական համագումարներուն, ուր ան օրակարգի նիւթ կը դարձնէր արդարութեան հաստատումը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը:
Սրբազան հայրը որդիաբար եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային մարմիններուն ու ժողովուրդին անունով շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետին, կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 25-ամեակին առիթով, անոր մաղթելով քաջառողջութիւն, համբերութիւն եւ ընդ երկար գահակալութիւն:
Այնուհետեւ, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան խօսք առնելով վեհափառ հայրապետին օտարներուն մօտ ձգած տպաւորութեան անդրադարձաւ, յայտնելով, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը բնորոշուած է իբրեւ իմաստուն ղեկավար հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգի:
Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն մատուցուեցաւ:
Եկեղեցիներու դպրաց դասերը, դպրապետներուն առաջնորդութեամբ հրամցուցին «Ուրախ Լեր» շարականը, որմէ ետք ներկաները իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտելով միասնաբար երգեցին Հայրապետական Մաղթերգը եւ «Կիլիկիա»ն: Հաւաքը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով :
Պահեա՛, ո՛վ Տէր, անսասան
Զսուրբ Աթոռն Կիլիկեան.
Կեցցէ՛, կեցցէ՛ առյաւէտ
Տէր Տէր Արամ Հայրապետ:
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան