Ատրպէյճանական ուժեր շաբթուան սկիզբը փորձեցին Հայաստանի հիւսիսարեւելեան սահմաններ ներթափանցել, առանց պատրուակի անգամ: Անոնք կրկին ձախողեցան, զոհեր տուին, պատճառ դառնալով տարածաշրջանի լարուածութեան սրումին: Աւելին. ռմբակոծեցին հայկական սահմանային գիւղերու, քաղաքներու խաղաղ բնակչութիւնը եւ եռօրեայ բախումներ ունենալով, հայկական կողմին համապատասխան պատասխանին ալ արժանանալով, իրենց երկրէն ներս խլրտումներու դուռ բացին:
Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ի տես, շարք մը պետութիւններ երկկողմանի հանդարտութեան կոչեր ուղղեցին Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, բացի Թուրքիայէն, որ լարուածութեան մագլցումը հրահրելու նկրտումներով Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ Ատրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումին ամբողջական իր աջակցութիւնը յայտնող հրապարակային յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ, լարուածութիւնը սրելու նախանշաններ տալով Ատրպէյճանին՝ հակառակ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին ու առնուազն 90 օրով համաշխարհային զինադադարը դադրեցնելու ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան Խորհուրդի անցեալ շաբթուան որոշումին:
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միջազգային միջնորդութիւնը արհամարհելու եւ բանակցային հոլովոյթները խանգարելու միեւնոյն քաղաքականութիւնը կը վարեն:
Այս կը փաստեն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ միջազգային միջնորդութիւնը, մասնաւորաբար ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի ջանքերն ու Հայաստանի հետ ընթացող բանակցային հոլովոյթը իմաստազուրկ համարելը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ սանձարձակ, բանակցութիւններու տրամաբանութիւնը եւ դրացի երկիրներու ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը չյարգող ընթացքը: Սուրիոյ մէջ Թուրքիան իր բռնագրաւած տարածքներուն մէջ սկսած է կիրարկել թրքացման քաղաքականութիւնն անգամ:
Իսկ ինչո՞ւ այս պահուն ընտրութիւնը:
Սուրիական տագնապի սրման առաջին օրերէն իսկ, քաղաքական վերլուծաբաններ կը յայտնէին, թէ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները պիտի շարունակուին ու հասնին Կովկաս:
Այս ժամկէտը, բնականաբար, ցոյց կու տայ, որ Թուրքիան Միջին Արեւելքի եւ Լիպիոյ մէջ իր բացած բախումնային ճակատներով չբաւարարուելով, կը փորձէ բռնկեցնել նաեւ Կոկասեան ճակատը, որոշակի ճնշում բանեցնելու Ռուսիոյ եւ Իրանի վրայ եւ ուղերձներ յղելու այդ մեծ պետութիւններուն, որպէսզի «հանգիստ» ձգեն զինք իր ծաւալապաշտ ախորժակներու բաւարարման ընթացքին մէջ:
Այնպէս որ հաւանական է, որ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Ատրպէյճանին զօրակցելու Թուրքիոյ նկրտումները շարունակուին ու ատրպէյճանական յարձակողապաշտ նկրտումները հասնին նաեւ Իրան, բռնկուն պահելու այդ շրջանը եւս:
Իսկ միթէ՞ յստակ չեն Թուրքիոյ նպատակները Միջին Արեւելքի թէ Կովկասեան ճակատներուն վրայ:
Վերջնականապէս կորսնցնելով Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու իր փայփայած յոյսերը, Թուրքիոյ ներկայ նախագահը իր ողջ ուժը կեդրոնացուցած է պատմական իր երազին՝ Օսմանեան կայսրութեան պատմական տարածքներուն վերատիրանալու քաղաքականութեան վրայ, օգտագործելով այդ օրերու մտայնութիւնն ու վայրագութեան, անօրէնութեան դրսեւորումները, մոռնալով, որ ո՛չ արաբ ժողովուրդը, ո՛չ ալ Կովկասի իսլամական հանրապետութիւններու մէջ ապրող ժողովուրդները Թուրքիոյ նախագահին երազներուն գոհացում տալով իրենց անկախ գոյութիւնը կը զիջին նման տիրակալի մը: Անոնց շահերու համընկնումը ժամանակաւոր երեւոյթ է, որ կապուած է իւրաքանչիւր երկրի ներքին հարցերուն հետ:
Իսկ ի՞նչ բանի կը վստահի Թուրքիոյ նախագահը, երբ պսակաձեւ ժահրի, տնտեսական սուր տագնապի եւ ներքին հարցերով եռուն երկրի մը նախագահը ըլլալով մէկէ աւելի ճակատներ կը փորձէ բանալ: Ինչպիսի՞ շահերով կամ վնասներով դուրս պիտի կարենայ ելլել, եթէ կարենայ անշուշտ, այս ճակատներէն:
Թուրքիան կը վստահի պետութիւններու բախող շահերու սրումին, միեւնոյն ատեն բաւարարել կը փորձէ իսրայէլեան եւ ամերիկեան շահերը, Միջին Արեւելքի լարուածութիւնը պահելով ու ծաւալելով, Ռուսիան եւ Իրանը անել կացութեան մատնելու իր փորձերով: Փոխարէնը՝ ան ծաւալապաշտ իր քաղաքականութեան ուղին կը հարթէ:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները, հետեւաբար, կը սպառնան ոչ միայն Հայաստանի ու Արցախի, այլեւ արաբական ողջ աշխարհին, Իրանի եւ Ռուսիոյ ապահովութեան:
Թուրք-ատրպէյճանական գործակցութիւնը, օրհնուած Իսրայէլի կողմէ նաեւ, պէտք է մտահոգէ վերյիշեալ բոլոր երկիրները: Անոնք գործակցաբար պէտք է սանձեն տարածաշրջանին մէջ թուրք-ատրպէյճանական սաստկացող վտանգը:
«Գ.»