Լոնտոնի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Անէթ Մոսքոֆեան Yerkir.am_ի հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Լոնտոնի Քենիգսթոնի շրջանի մէջ գտնուող՝ Մեծ Բրիտանիոյ ՀՀ դեսպանատան վրայ ատրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչներ յարձակում գործած են։

Ան տեղեկացուց, որ ոստիկանութիւնը չէ կրցած իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահել եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները ստիպուեր են դէմ դնել ատրպէյճանցիներուն։

Ատրպէյճանցի ցուցարարները հաւաքուած են ՀՀ դեսպանատան առջեւ։ Նախ՝ ոստիկաններուն թիւը շատ քիչ եղած է, իսկ ատրպէյճանցիները բացասական կեցուածք դրսեւորած են հայերուն նկատմամբ, փորձած են ծեծկռտուք սադրել։

«Որովհետեւ Ատրպէյճան մեծ գումարներ կը յատկացնէ այդ նպատակին համար, Մեծ Բրիտանիոյ ատրպէյճանական լոպպին բաւական ուժեղ է։ Բաւական մեծ թիւով ուսանող երիտասարդներ եւ ընտանիքներ ունին։ Անոնք կ’ուզեն ՀՀ-ի սահմանային սրումը ներկայացնել որպէս Հայաստանի կողմէ բացասական արարք եւ ամէն ձեւով կը հետեւին այդ ուղղութեան։ Այս պատճառով անոնք ցոյց կազմակերպեցին։ Անոնք ձախողեցան Մեծ Բրիտանիոյ համայնքներու պալատէն ներս այս թեմայով քննարկում կազմակերպել, որովհետեւ առաջարկը 650 պատգամաւորէն ընդամէնը 4-ը ստորագրած էր», ըսաւ ան։

Անէթ Մոսքոֆեան յայտնեց, որ ցոյցը մէկ ժամով արտօնուած էր։ Երբ սկսաւ, ատրպէյճանցիները մայթին միւս կողմն էին, հայ համայնքի ներկայացուցիչները՝ դեսպանութեան կողմը։

«Սկիզբը միայն կը պոռային, շատ անշնորհք ու բիրտ էին՝ մեզի վատ խօսքեր ըսելով կը գրգռէին։ Սկիզբը ոստիկաններուն թիւը շատ քիչ էր, ատրպէյճանցիները յարձակեցան մեր տղոց վրայ, քիչ մը ծեծկռտուք եղաւ։ Ես մօտեցայ մէկ ոստիկանի, ըսի՝ ասոնք մոլեռանդներ են, ձեր պարտականութիւնն է, կը խնդրեմ պաշտպանէք մեզի՝ լրացուցիչ ուժեր ուղարկեցէք ոստիկաններուն։ Այդպէս ալ եղաւ», ըսաւ Անէթ Մոսքոֆեան։

Աննա Պալեան