Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը դատապարտելու համար, 17 Յուլիսին, Քանատայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց՝ կազմակերպութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Քանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան։
Համաճարակի կանխարգիլման օրէնքներուն պատճառով, ցոյցին մասնակիցներու թիւը սահմանափակուած էր։ Ցուցարարները յարգեցին դիմակներ կրելու եւ հեռաւորութիւն պահպանելու օրէնքները։
«Քանի մը օր առաջ Պաքուի փողոցներուն մէջ «մահ հայերուն» կ՚աղաղակէին. Ահաւասիկ ողջ ենք եւ կը պայքարինք յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան։ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդականի եւ ուսանողականի անդամները հայ զինուորի կողքին են», «Հորիզոն»ին յայտնեց ՀՅԴ ՔԵՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մանուկ Ալեմեան։
Ցուցացարարները Ատրպէյճանի դեսպանի տեղակալ Ֆուատ Ալիեւին հասցէագրուած նամակ մը յանձնեցին, ուր խստօրէն կը դատապարտուի Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։ «Մինչ Հայաստանը կը փորձէ պաշտպանուիլ զինուրական յարձակումներէ, ձեր կառավարութիւնը խախտելով միջազգային օրէնքները՝ թիրախ կը դարձնէ անմեղ քաղաքացինլր եւ կը սպառնայ յարձակիլ Հայաստանի հիւլէակայանին վրայ: Այս բոլորը յստակ ցուցանիշներ են, որ ձեր կառավարութեան զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը մտադրութիւն չունի հակամարտութեան խաղաղ լուծում գտնելու», նշուած է նամակին մէջ:
ՀՅԴ ՔԵՄի եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողականի անդամները Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով ցոյցը շարունակեցին Քանատայի խորհրդարանին դիմաց, ուր խօսք առաւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, ըսելով, որ ազգովին հայոց բանակի ու հայրենիքի պաշտպան հայ զինուորին կողքին ենք։