«Արմէնփրէս».- Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը կիրակնօրեայ Մարիամեան աղօթքի աւարտին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր զինադադարի կոչին եւ խօսած է Տաւուշի սահմանագօտիին վերջին իրադարձութիւններուն մասին: Հռոմի Պապը ի մասնաւորի ըսած է․ «Առանձնայատկութեամբ եւ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ վերջին օրերուն Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներու սրումին` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»: Հռոմի քահանայապետը յոյս յայտնած է, որ միջազգային հանրութեան յանձնառութեամբ` երկխօսութեան ու բարի կամքի միջոցով կարելի պիտի ըլլայ հարցի խաղաղ լուծումին հասնիլ, յանուն ժողովուրդներու բարօրութեան: