24 Յուլիս, Պրիւքսէլ. Եւրոպական խորհրդարանի 29 պատգամաւոր 7 գլխաւոր քաղաքական խմբակցութիւններ հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան մասին նամակ յղած են Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ճոզէֆ Պորելին: Նամակը նախաձեռնած է խորհրդարանի երկրորդ ամենամեծ քաղաքական խմբակցութեան` S&D-ի անդամ կիպրացի Կոստաս Մաւրտէս:

Նամակին մէջ Եւրոխորհրդարանի անդամները կը շեշտեն, որ Եւրոմիութիւնը պէտք է օգտագործէ իր լծակները տարածաշրջանի մէջ վստահութեան ամրապնդման իրական եւ արդիւնաւէտ միջոցներ գործի դնելու համար եւ կոչ կ’ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կիրառելու ԵԱՀԿ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան ձեւաչափը: Պատգամաւորները կը յիշեցնեն, որ Հայաստանը արդէն համաձայնած է քննարկել ձեւաչափի կիրառման մանրամասնութիւնները եւ կ’ընդգծեն, որ Ատրպէյճան պարտաւոր ընելու:
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները կրկին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ջանքերուն եւ 2009 թուականի հիմնարար սկզբունքներուն, որոնց մէջ է նաեւ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը: Եւրոպատգամաւորները իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնած են ատելութեան խօսքին, պատերազմապաշտական հռետորաբանութեան մասին եւ կոչ ուղղած են Եւրոմիութեան քայլեր ձեռնարկելու այդ երեւոյթներուն դէմ: Եւրոխորհրդարանի անդամները կը շեշտեն, որ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նամակին առնչութեամբ ըսաւ. «Պատերազմով սպառնալու, երկուստէք մարդկային զոհերու եւ տառապանքի պատճառ դառնալու փոխարէն, Ատրպէյճան պէտք է հետեւի պատգամաւորներու պահանջին եւ վերջապէս կիրառէ վստահութեան ամրապնդման միջոցներ, մասնաւորապէս` ԵԱՀԿ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան ձեւաչափը: Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կ’ողջունէ ատելութեան խօսքին դէմ, յատկապէս Ատրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով խրախուսուող եւ ահռելի չափերու հասած հայատեացութեան դէմ պայքարելու Եւրոպատգամաւորներու կոչը: Մեր աշխատանքին գլխաւոր նպատակներէն է դատապարտել եւ բարձրաձայնել այս վտանգաւոր քաղաքականութեան մասին, որ Ատրպէյճանի մէջ ամբողջ սերունդ մը թունաւորուած է եւ փաստացիօրէն մեծապէս վտանգած է հարցին խաղաղ կարգաւորումը»:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն նամակը հայերէն թարգմանութեամբ:
Բարձր ներկայացուցիչ/Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ
յարգելի պարոն Պորել,
2020 թուականի12 Յուլիսէն ի վեր մենք ականատես ենք համաճարակի պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին իրավիճակի վտանգաւոր սրումին, որ արդէն երկուստէք ողբերգական կորուստներու յանգած է: Իրավիճակը յղի է պատերազմի վերածուելու վտանգով, որ կ’ապակայունացնէ ողջ տարածաշրջանը, այսինքն` Եւրոմիութեան արեւելեան հարեւանութիւնը:
Մենք մեր լիակատար աջակցութիւնը կը յայտնենք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ջանքերուն եւ 2009 թուականի հիմնարար սկզբունքներուն` ուժի չկիրառումը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը: Անոր հետ մէկտեղ, անհրաժեշտ է աշխուժօրէն աշխատիլ ատելութեան խօսքին եւ ռազմատենչ հռետորաբանութեան դէմ:
Անչափ կարեւոր է, որ ԵՄ-ը իր լծակները օգտագործէ վստահութեան` իրական եւ արդիւնաւէտ միջոցներ կիրառելու համար: Խօսքը կը վերաբերի յատկապէս ԵԱՀԿ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան ձեւաչափին, որ կը կանխէ կողմերու երկուստէք մեղադրանքները մահաբեր յարձակումներ նախաձեռնելու մասին: Հայաստանն արդէն համաձայնած է քննարկել ձեւաչափի մանրամասնութիւնները: Ատրպէյճան եւս պարտաւոր է համաձայնելու:
Կողմերը պէտք է անյապաղ վերսկսին բանակցութիւնները եւ աշխատին հակամարտութեան տեւական եւ խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ: Ակնյայտ է, որ Արցախեան հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ: Մեր նպատակն է ունենալ խաղաղ, բարգաւաճ եւ ապահով ԵՄ հարեւանութիւն, եւ մենք պէտք է յստակ քայլեր ձեռնարկենք այդ ուղղութեամբ:
Յարգանքով`
ALFONSI Franջois,
ARA-KOVACS Attila,
ASIMAKOPOULOU Anna-Misel,
BARRENA Pernando,
CASTALDO Fabio Massimo,
CHRISTOFOROU Lefteris,
FOURLAS Loucas,
FRAGKOS Emmanouil,
GEORGIOU Giorgos,
GEORGOULIS Alexis,
GUILLAUME Sylvie,
HAUTALA Heidi,
HEIDE Hannes,
KAILI Eva,
KOULOGLOU Stelios,
KOUNTOURA Elena,
KOVATCHEV Andrey,
KYMPOUROPOULOS Stelios,
LIBERADZKI Bogusław,
MAVRIDES Costas,
PAPADAKIS Demetris,
PAPADIMOULIS Dimitrios,
SANTOS Isabel,
SCHREIJER-PIERIK Annie,
SONNEBORN Martin,
SPYRAKI Maria,
STEFANUTA Nicolae,
TOMAC Eugen,
VOZEMBERG Elissavet
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ