Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 Յուլիսին հարցազրոյց տուած է ռուսական պատկերասփիւռի կայանի մը եւ անդրադարձած է Ռուսիոյ մէջ ապրող ատրպէյճանցիներուն կողմէ ձեռնարկուող հակահայկական յարձակումներուն` դիտել տալով, որ անոնք ո՛չ միայն Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հակահայկական հռետորաբանութեան արտայայտութիւնն են, այլ նաեւ` Ռուսիան ապակայունացնելու, զայն ազգամիջեան բախումներու թատերաբեմ դարձնելու փորձ:
«Կասկած չկայ, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները ունին բոլոր միջոցներն ու կարողութիւնները իրադարձութիւններու նման զարգացում թոյլ չտալու, բայց Ռուսիոյ մեր հայրենակիցները իրենց հերթին պէտք է արձանագրեն, որ պէտք չէ տարուին սադրանքներու, եւ որ Ռուսիան ապակայունացնելու մէջ շահագրգիռ են այն երրորդ ուժերը, որոնք ծաւալապաշտական-հակահայկական նկրտումներ ունին Հարաւային Կովկասի մէջ: Թոյլ պիտի չտանք», գրած է Փաշինեան Դիմատետրի իր էջին վրայ: