«Էրմէնիհապեր».-Նախօրէին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ու Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոտաքիս հեռաձայնային զրոյց ունեցած են, որուն ընթացքին անդրադարձած են նաեւ Ս․ Սոֆիա (Այա Սոֆիա) տաճարի կարգավիճակին փոփոխութեան:
Ռուսիոյ ու Յունաստանի առաջնորդները, անդրադառնալով Իսթանպուլի մէջ գտնուող բիւզանդական Ս․ Սոֆիա տաճարը մզկիթ դարձնելու թրքական կառավարութեան որոշումին, յայտնած են որ տաճարը ողջ մարդկութեան ձեռքբերումն է եւ պէտք է շարունակէ մնալ այդպիսին:
Առաջնորդները յիշած են, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ գտնուող այդ տաճարը ոչ-սովորական, մշակութային, պատմական հոգեւոր կարեւորութիւն ունի: Փութինն ու Միցոտաքիս շեշտած են, որ Ս․ Սոֆիան պէտք է շարունակէ մնալ խաղաղութեան եւ փոխ ըմբռնումի խորհրդանիշ:
Աղբիւրը յիշեցուցած է նաեւ, որ Ս․ Սոֆիայի կարգավիճակը թանգարանէն մզկիթի փոխելու որոշումը դատապարտուած է Ռուսիոյ հոգեւոր եւ քաղաքական գործիչներուն կողմէն, սակայն կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշման մէջ նշուած է, որ ատիկա Թուրքիոյ ներքին գործն է: