ՀՀ Արտագին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտած է Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, յայտնելով որ «Ատրպէյճանի կողմէն հրադադարի վարչակարգի միտումնաւոր խախտումին ,հետեւանքով, 27 Յուլիսին դիպուկահարի կրակոցէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է զինուորական ծառայող Աշոտ Գէորգի Միքայէլեան: Մեր խորին ցաւակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնենք նահատակուած զինուորական ծառայողի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն:
Յատկանշանական է, որ Ատրպէյճան այս սադրանքէն օրեր անց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէն կատարուած յայտարարութեամբ, որուն մէջ համանախագահները առանձնայատուկ կարեւորած էին ստեղծուած իրավիճակին մէջ հրադադարի վարչակարգի խստագոյնս պահպանումը եւ սադրիչ գործողութիւններէն զերծ մնալը:
Միաժամանակ Ատրպէյճան կը յայտարարէ Թուրքիոյ հետ լայնածաւալ զօրավարժութիւններու մասին: Այս ամէնը կը վկայէ, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը սադրիչ գործողութիւններու միջոցով կը խոչընդոտէ իրավիճակի լիցքաթափման եւ խաղաղ գործընթացի վերսկսման միջազգային միջնորդներու ջանքերը եւ կը ստանձնէ հետագայ ապակայունացման հետեւանքներու պատասխանատուութիւնը:
Ստեղծուած իրավիճակի մասին ՀՀ դիրքորոշումը յստակօրէն արտայայտուած է ՀՀ վարչապետի կողմէն 23 Յուլիսին ՀՀ կառավարութեան նիստին: Ատրպէյճան հրապարակաւ պէտք է հրաժարի ուժի կիրառումէն, հեռու մնայ իր առաւելապաշտական մօտեցումներէն եւ վստահելի քայլեր ձեռնարկէ հրադադարի ամրապնդման ուղղութեամբ, որ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ խաղաղ գործընթացի վերականգնման եւ առաջմղման համար»: