Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 26 Յուլիս 2020-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աւարտական հանդէսը, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով սկիզբ առաւ հանդէսը, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն:
Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսք արտասանեցին 9-րդ կարգէն աշակերտներ: Հանդէսը նուիրուած էր Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 200-ամեակին: Աշակերտները թատերգութեան ընդմէջէն գեղարուեստական ամբողջական յայտագիրով՝ երգով, պարով, խօսքերու արտասանութեամբ ու թատերական պատկերներով մեծարեցին Հայոց Հայրիկը եւ իր «երկաթէ շերեփ»ի նշանաւոր ճառով վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ մնալու հաւատարիմ զաւակները ազատատենչ հայ ժողովուրդին: Ապա ներկայացուեցաւ արաբերէն եւ հայերէն ասմունք եւ մեներգ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ առաջնակարգ աշակերտներու պարգեւատրում՝ գնահատագիրով եւ նիւթական քաջալերական նուէրով: Պարգեւատրուեցան 2018-2019 տարեշրջանի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահովող հետեւեալ աշակերտները, պրովէ՝ Միրա Ֆատլի, պաքալորիայի գիտական բաժին՝ Էլի Իշուհ, իսկ գրական բաժին՝ Մարիթա Ռազուգ: Որպէս տիպար աշակերտ պարգեւատրուեցաւ Ռազմիկ Մազլումեան, որպէս կիրթ աշակերտ՝ Ներսէս Թիւֆէնքճեան, իսկ որպէս օրինակելի աշակերտ՝ Յարութ Իսկէնեան:
Յատուկ ուշադրութեան արժանացան եւ գնահատագիրով ու նիւթական քաջալերական պարգեւով գնահատուեցան 12-րդ կարգէն հայերէն լեզուի հետեւեալ առաջնակարգ աշակերտները՝ Փաթիլ Քէչէճեան, Ժենի Չիլ Գէորգեան, Լիլա Աթաշեան, Ալիսա Լախոյեան, Լալա Տապաղեան, Անժելա Քելլէեան եւ Յակոբ Գասարեան:
Ողջունելի քայլով մը, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի Վարչութեան կողմէ հայերէն լեզուի առաջնակարգ առաջին երկու դիրքերը գրաւող աշակերտուհիներ՝ Փաթիլ Քէչէճեան եւ Ժենի Չիլ Գէորգեան հայագիտական քառամեայ ուսումը անվճար ուսանելու կարելիութիւն ստացան:
Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան յատուկ կարգադրութեամբ ուսուցչական եւ վարչական կազմերէն գնահատագիրով եւ ծաղկեփունջով պարգեւատրուեցան հետեւեալները.-
Տիար Մուհամմէտ Հաֆէզ (վարժարանի պետական տնօրէն)
Տիկ. Սօսի Աւետեան-Պապեան (անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի)
Օրդ. Սառա Մսթօ (փիլիսոփայութեան առարկայի ուսուցչուհի)
Օրդ. Ալինա Արամեան (արաբերէն լեզուի ուսուցչուհի)
Տիար Յովիկ Օհանեան (տեսուչ), որ սոյն հանդէսի բովանդակալից յայտագիրը բծախնդրօրէն պատրաստած էր:
Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը ուղղեց վարժարանի տնօրէն, երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց երկրորդականի 12-րդ հունձքին եւ միջնակարգի 15-րդ հունձքին վկայուելուն առիթով: Ապա անդրադառնալով Կրթասիրացի առաքելութեան ըսաւ. «Կրթասիրացը 1924-ին ծնունդ առաւ հայ սերունդները հայեցի-քրիստոնէական դաստիարակութեամբ պատրաստելու։ Տարիներու գլորումով ան դիմագրաւեց շատ մը դժուարութիւններ, սակայն առանց տկարանալու 96 տարի ուսումնակրթական ջահը բարձր պահեց՝ շարունակելով իր սրբազան առաքելութիւնը, շրջանաւարտ դարձնելով տասնեակ սերունդներ, որոնք Սուրիոյ, Հայաստանի թէ Սփիւռքի զանազան ափերուն մէջ ղեկավար դիրքերու վրայ կը գտնուին այսօր»:
Պարոն տնօրէնը գնահատեց ծնողներուն հոգատար մօտեցումը իրենց զաւակներուն նկատմամբ եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտները, անոնց մաղթելով բարեյաջող երթ ուսումնակրթական անդաստանէն ներս:
Անդրանիկ Պօղոսեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան եւ Վարժարանի Հոգաբարձութեան: Շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային Իշխանութեան, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինին, Գ. Կիւլպէնկեան Հաստատութեան, Ամերիկայի Կրթասիրաց Սանուց Միութեան, Հաուրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկին եւ Տորքաս հաստատութեան: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանին, իր հայրական բարձր հովանաւորութեան համար:
Շնորհակալութեամբ դիմեց վարժարանի պետական տնօրէն՝ Մուհամմէտ Հաֆէզին եւ Հալէպի պետական կրթական տնօրէն Իպրահիմ Մասոյին: Շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ Խորհրդարանին, որ միաձայնութեամբ ընդունեց եւ վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց սուրիական հայրենիքին եւ անոր վսեմաշուք նախագահ Տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին:
Հայերէն եւ արաբերէն հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին վարժարանի 12-րդ կարգէն շրջանաւարտներ:
Աւարտին, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի ձեռամբ վկայուեցան միջնակարգի եւ երկրորդականի շրջանաւարտները, որմէ ետք հայր սուրբը ներկաներուն ուղղեց իր սրտի խօսքը, փոխանցելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի ողջոյններն ու շնորհաւորութիւնները՝ վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ շրջանաւարտ աշակերտներուն:Ան գնահատեց հանդէսի բովանդակալից յայտագիրը, Հայոց Հայրիկը բնութագրելով որպէս «մեր իրաւունքներուն պաշտպանը» եւ հրաւիրեց աշակերտները, որպէսզի իրենց կեանքին մէջ ըլլան պայքարող եւ տէր ու պաշտպան կանգնին մեր իրաւունքներուն:
Խօսքը ուղղելով ծնողներուն, հայր սուրբը ցորենի հասկերուն պատկերը մէջբերեց, աշակերտները նմանցնելով ցորենի լեցուն հասկերուն, որոնք իրենց ծնողներուն կողմէ իբրեւ հունտեր ուղղուեցան այս վարժարանը, ուր տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հոգատարութեամբ սնանեցան եւ Աստուծոյ նախախնամութեամբ աճելով դարձան մեծահասակ, լեցուն հասկեր, դիտել տալով որ այսօր, այս վկայականով, անոնք հրաւիրուած են մուտք գործելու համալսարան:
Հանդէսը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Հանդէսէն ետք, վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ աշակերտներուն յատուկ մտերմիկ խրախճանք:
Թղթակից