Լիբանանի աղէտալի պայթումը ցնցեց բոլորս։ Լիբանանահայ համայնքը կը դիմագրաւէ ծանրագոյն պայմաններ եւ այս դժուարութիւններուն մէջ կը փորձէ ամոքել իր վէրքերը, հասնիլ վիրաւորներուն, օժանդակել կարիքաւորներուն։ Համայն հայութեան ուշադրութիւնը կրկին սեւեռած է լիբանանահայութեան վրայ, օժանակութեան ուղի մը որոնելու, իրադարձութիւններուն իրազեկ դառնալով տարբեր կողմեր օժանդակութեան մղելու համար։ «Ազդակ»ի մեր գործընկերները եւս ծանր վնասներ կրած են, խմբագրատունը լուրջ վնասներու ենթարկուած է, խմբագրակազմէն ալ տուժող եղած է։ Հակառակ այս բոլորին «Ազդակ» կը շարունակէ իր գործը եւ որպէս վաւերական աղբիւր իրազեկ կը դարձնէ հայաշխարհը Լիբանանի իրադարձութիւններուն։
«Գանձասար» հետեւեալ հարցումները ուղղեց «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին․
«Գանձասար»- Պայթումէն մէկ օր վերջ, ի՞նչ պատկեր կը պարզէ զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւը։ Հայկական կողմին վնասները երեք յարանուանութիւններու պարագային, ինչ տարողութեամբ են ներկայ տուեալներով։
Շահան Գանտահարեան- Այս պահու դրութեամբ լիբանանահայ 11 զոհ կայ եւ շուրջ 250 վիրաւոր։ Դժբախտաբար թիւերը կը բարձրանան, տուեալներ չունինք թէ վիրաւորներուն քանի՞ առ հարիւրը ծանր է, քանի՞ առ հարիւրը թեթեւ վէրքեր ստացած է, եւ ո՞րքան թիւ արդէն տուն վերադարձած է։ Հայ երեք յարանուանութիւններու կեդրոնները, դպրոցները կամ միութենական,կուսակցական կեդրոնները վնասուած են։ Յատկապէս Պէյրութի անմիջական մերձակայքը եղող հայահոծ թամասերը՝ բնակարաններ, վաճառատուներ, աշխատատեղիներ բոլորը վնասուած են առաւել կամ նուազ չափով։ Կայ նիւթական հսկայական վնաս։
«Գ․»- Ակումբի տղոց ինչպիսի՞ աշխատանք վստահուած է այս դէպքէն վերջ։
«Շ․Գ․»- Ակումբի տղաքը բոլորը պայթումին օրը վիրաւորները հիւանդանոց հասցնելու աշխատանքին լծուած էին։ Անոնք կը շարունակեն օժանդակութիւններ հասցնել բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք զանազան կարիքներ ունին։ Յատկապէս ԼՕԽ-ի դարմանատունը մինչեւ առաւօտեան ժամեր կ՛ընդունի վիրաւորներ կամ դարմանումի կարիք ունեցողներ, յատկապէս նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ հիւանդանոցները գերծանրաբեռնուած են ներկայիս։
«Գ․»- Ինչպիսի՞ օժանդակութեան կարիքը ունի լիբանանահայութիւնը այսօր։ Երկրէն ներս այս դէպքէն ետք քաղաքական ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ կ՚ակնկալուին։ Իսկ դէպքին հետաքննութենէն բան պարզուեցա՞ւ։
«Շ․Գ․»- Դէպքին հետաքննութեան եզրակացութիւնը հրապարակելու համար սահմանուած է հինգ օր։ Փորձաքննութիւնը ցոյց պիտի տայ պայթումին որոշ մանրամասնութիւնները եւ անոր հետ կապուած տարբեր հանգամանքներ։ Քաղաքական երկու դիտարկում գոյութիւն ունի՝ առաջինը այն է, որ նախկին վարչապետին սպանութեան հարցով միջազգային դատական ատեանի վճիռի հրապարակման նախօրեակին կը գտնուի Լիբանանը։ Երկրորդը այն, որ պաշարուած Լիբանանը աղէտի գօտի յայտարարուելով կ՛ակնկալուի միջազգային մարդասիրական օժանդակութիւն։ Այլապէս Լիբանանի չօժանդակող երկիրները մարդասիրական տարազի տակ Պէյրութին օժանդակութիւն հասցնելու սկսած են թէկուզ հիւանդանոցի, դեղօրայքի եւ առողջապահական ոլորտի տարբեր անհրաժեշտութիւններ հասցնելու առումով։
Ասիկա Լիբանանի ապաշրջափակման որոշակի տարբերակ է։