Քանի՞ հատ առաւ ասկէ։

Օգտուեցա՞ւ։

Իր մարմնի ջերմաստիճանը իջա՞ւ։ Ցաւը թեթեւցա՞ւ։

Ա՞յս աշխարհն է հիմա, թէ այն աշխարհը, թէ պահ մը այն աշխարհը երթալով՝ կրկին դարձաւ ու եկաւ այս աշխարհ։

Շունչը ինչպէ՞ս էր, կը հեւա՞ր։

Պէտք ունեցա՞ւ արուեստական այդ գործիքին։

Պառկած ժամանակ յիշե՞ց բոլոր հարազատները, փնտռե՞ց զանոնք իր շուրջը, զղջա՞ց բոլոր այն բաներուն համար՝ որ չըրաւ անոնց հետ, բոլոր այն խօսքերուն՝ որ չըսաւ իրենց։

Իսկ եթէ կը զգար, որ եկող քանի մը օրերը իրեն համար վերջինները պիտի ըլլային, ո՞վ էր այն անձը, որուն պիտի ուզէր վերջին անգամ տեսնել։ Ի՞նչ ունէր ըսելիք անոր, շունչը կը ներէ՞ր ըսելու…

Այդ վերջին խօսքը զղջո՞ւմ մըն էր, այպանա՞նք, թէ սրտէ բխած խօսք մը։

Իսկ ինք կրցա՞ւ նայիլ  աւելի հեռուն, համոզուա՞ծ էր որ ինք այստեղ ժամանակաւոր պառկած է։ Որոշա՞ծ էր հիւանդանոցէն ելլելէն ետք իր առաջին ընելիքը։

Եւ վերջապէս, ունէ՞ր երազներ, թէ օրերը հեւ ի հեւ կը հրէր անցեալի անդունդը…

Հապա՞ դուրսը իրեն սպասողները, անոնք ի՞նչ վիճակի էին։ Հիւանդանոցի դռան դիմաց՝ գետին նստած, կամ եթէ բախտաւոր էին իրենց անձնական օթոյին մէջ…

Շատ չարչարուեցա՞ն փնտռելու այս դեղը, դեղագիրը ամբողջութեամբ յաջողեցա՞ն ապահովել։

Այո՛, «կրցան» չէ, այլ՝ «յաջողեցան»։

Քանի որ սովորական կարողութենէ դուրս՝ ու յաջողութեան մը համազօր է օրերս Սուրիոյ մէջ բժիշկին գրած դեղագիրի պարունակութիւնը ամբողջութեամբ ապահովելը։ Մասունքի նման կը համբուրեն ու իրենց ճակտին կը դնեն դեղագիրի վերջին դեղահատին տուփը, քանի այնտեղ իրենց գործը աւարտած կ’ըլլայ ու մնացեալը՝ իրենց կարողութիւններէն վեր։

Ի՞նչ կը մտածէին անոնք։ Ո՞վ էր ներսը մահճակալին վրայ պառկողը իրենց համար։ Ըսելիք ունէի՞ն իրեն։ Ինչո՞ւ մինչեւ հիմա պահեր են այդ ըսելիքը։ Ըսելու համար ինչի՞ կը սպասեն։ Երբ ապաքինած ելլէ հոնկէ պիտի ըսե՞ն իրեն, եւ եթէ ըսեն պիտի շարունակե՞ն յիշեցնել զինք ատենը մէյ մը, թէ պիտի պահեն այն բոլոր խօսքերը միայն իր հոգին աւանդելէ ետք ու պիտի ըսեն բոլորին՝ ծանօթին-անծանօթին, բայց Ո՛Չ ԻՐԵՆ…

Սակայն ի՞նչ օգուտ…

Մարդը ի՛նք պիտի զգայ իր արժէքը, երբ ողջ է ու կ’ապրի,

Ուրիշներ ի՞նչ ընեն կորուսեալին արժէքը գիտնալով…

Բոլորին մօտ ան ունի իր յատուկ անկիւնը՝ այդ մէկը կրնայ ըլլալ մեծ կամ պզտիկ, տարիներու կամ օրերու տեւողութեամբ շինուած անկիւն մը, երկար ժամանակաշրջանի կամ պահերու եւ դէպքերու ազդեցութեամբ։

Օրուան որեւէ մէկ պահուն, զինք այդ անկիւնին տէր ըլլալը յիշեցնելը թերեւս նոր թափ տայ անոր։

Թող մեր խօսքը ըլլայ ապրողին ապրելու ու գործելու յոյս ու ներշնչում, աւելի քան՝ մահացողին հարազատներուն մխիթարանք…

Քրիստ Խրոյեան

Նկարը՝ «Մազլումեան» հիւանդանոցի ճամբան։ Այնտեղ, որտեղ պսակաձեւ Ժահրով վարակուողներ կ’ընդունին։