Երկուշաբթի, 17 Օգոստոս 2020-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Սուրիան աշխարհի անվտամգ պետութիւններու ցանկին մէջ վերջընթեր դիրքը գրաւած է, ըստ «Խաղաղութեան եւ Տնտեսութեան Միջազգային Ուսումնարանին» կատարած դասակարգումին։
163 պետութիւններու միջեւ Սուրիան 162-րդ դիրքը գրաւած է, Աֆղանիստանը 163-րդ,իսկ Իրաքը 161-րդ։
Արաբական պետութիւններու մակարդակով առաջին դիրքը գրաւած է Քաթարը, երկրորդը Քուէյթը, երրորդը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ չորորդը՝ Օմանը։
Համաշխարհային պետութիւններու մակարդակով, առաջին դիրքը գրաւած է Այսլանտան, ետքը Նիւզելանտան, ետքը Փորթուկալը, ապա Նեմսան։