«Արմէնփրէս».- Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) բոլոր պետութիւններուն կոչ ուղղած է միանալու COVAX միջազգային ձեւաչափին, որուն նպատակն Է արդար համակարգով բոլոր երկիրներու պաշտպանուածութիւնը պսակաձեւ ժահրին դէմ պատուաստանիւթերու ապահովումով, երբ ան յայտնուի եւ շրջանառութեան մէջ դրուի: 18 Օգոստոսին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին ԱՀԿ-ի գլխաւոր տնօրէն Թեդրոս Ատանոմ Կեպրեյսուս յայտնած Է, որ նամակ յղած է բոլոր երկիրներուն, որ կը բովանդակԷ այս խնդրանքը:

«COVAX համաշխարհային ձեւաչափը գերազանցապէս կարեւոր Է (պատուաստանիւթերով) ապահովութեան եւ վտանգներուն միատեղ հակազդելու համար: (…) Ահա թէ ինչու այսօր ես նամակ յղած եմ բոլոր երկիրներուն` COVAX ձեւաչափին միանալու խնդրանքով», ըսած է ան:

Գլխաւոր տնօրէնը շարադրած Է միատեղ գործողութիւններու ենթադրեալ ռազմավարութիւնը պսակաձեւ ժահրին դէմ արդիւնաւէտ պատուաստանիւթի ստեղծումէն ետք: «Առաջին փուլով պիտի տրամադրուին համամասնօրէն եւ միաժամանակ (COVAX-ի ձեւաչափի) բոլոր մասնակից երկիրներուն` համընդհանուր վտանգը նուազեցնելու համար», ըսած է ան: Երկրորդ փուլով նկատի կ’առնուին համաճարակաբանական իրավիճակը պետութիւններու մէջ` ծայր առած «սպառնալիքէն եւ խոցելիութենէն»:

ԱՀԿ-ի ղեկավարի խօսքին համաձայն, աշխարհը համերաշխութեան կարիք ունի «COVID-19-ի համավարակին միատեղ լուծման համար: Ան յիշեցուցած է, որ կը պանջուի ,արագօրէն արտադրել միլիարաւոր քանակ եւ հասցնել բոլորին, որոնք պատուաստանիւթի կարիք ունի»: Խօսքը կը վերաբերի պատուաստանիւթի «Հարիւր միլիոնաւոր սրուակները», ինչպէս նաեւ անոնց փոխադրման միջոցներուն: Այդ առնչութեամբ Թեդրոս Ատանոմ Կեպրեյսուս համաշխարհային հանրակցութեան կոչ ուղղած է իրեն զգալու «նուագախումբ, որ ներդաշնակութեամբ երաժշտութիւն կը կատարէ, որպէսզի հաճոյք վայելեն բոլորը», այլ ոչ թէ գործել միայնակ, հաղորդած է ՏԱՍՍ-ը: