Չորեքշաբթի, 19 Օգոստոս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 83 պարագաներ արձանագրուեցան, 14 պարագաներ բուժուեցան եւ 5 պարագաներ մահացան։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 1927-ի, մահացածներունը՝ 78-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 445-ի։