ՀՀ Սուրիոյ Դեսպանութեան դիմատետրի էջէն իմացանք, որ Դամասկոսի Հայոց Առաջնորդարանէն ներս` մասնակցութեամբ Սուրիոյ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Արմաշ Եպիսկոպոս Նալպանտեանի, 21 Օգոստոսին տեղի ունեցած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ սուրիահայութեան յատկացուած նիւթական օժանդակութեան տրամադրումը Դամասկոսի կարիքաւոր հայ ընտանիքերուն:
Նիւթական օժանդակութեան տրամադրումը իրականացնելու համար Առաջնորդարանին կից ստեղծուած յատուկ յանձնաժողովը մօտաւորապէս 300 կարիքաւոր հայ ընտանիքներու տրամադրած է դրամական օժանդակութիւն, որով մեր հայրենակիցները Դամասկոսի եւ արուարձաններուն մէջ գործող խանութներու ցանցէն կրցած են ձեռք բերել սննդամթերք, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ եւ անձնական հականեխման պարագաներ:
Օրերս սուրիահայութեան յատկացուած ՀՀ կառավարութեան օժանդակութեան յաջորդ բաժինը պիտի բաշխուի նաեւ Հալէպի եւ հիւսիսարեւելեան շրջաններու 4750 կարիքաւոր հայ ընտանիքներու: