ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը եւ «Երկիր» հիմնադրամը ի գործ դրած են «Օգնէ եղբօրդ-Լիբանան» աջակցութեան ծրագիրը:

«Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք իրավիճակը Լիբանանի մէջ ծայրայեղօրէն ծանր կը շարունակէ մնալ: Համասփիւռքեան կեանքէն ներս անուրանալի դերակատարութիւն ունեցած, մայր հայրենիքի հոգերը մշտապէս բաժնեկցած Լիբանանի հայ համայնքը այսօր դժուարին ժամանակներ կ’ապրի: Սփիւռքի ամենակենսունակ համայնքը, Լիբանանի մեր քոյրերն ու եղբայրները այսօր առաւել մեզմէ իւրաքանչիւրին օգնութեան կարիքը ունին:
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ համազգային համախմբումը անհրաժեշտ է: Իւրաքանչիւրիս պարտքն է սատարել Լիբանանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն` դիմագրաւելու Լիբանանը պատուհասած ճգնաժամը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը եւ «Երկիր» հիմնադրամը նախաձեռնած են դրամահաւաք, որուն հետեւանքով 1000 ընտանիքի համար նախատեսուած մէկ ինքնաթիռով սննդամթերքը պիտի տեղափոխուի Լիբանան:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ներդրում ունենալ ծրագիրին, կը խնդրենք փոխանցումներ կատարել Ամերիկապանք ՓԲԸ-ի մէջ բացուած հետեւեալ նպատակային հաշուեհամարներուն` իբրեւ փոխանցման նպատակ պարտադիր յայտնելով «Նուիրատուութիւն «Օգնէ ԵՂԲՕՐԴ –Լիբանան» ծրագիրին»:
Փոխանցումներ կրնաք կատարել մինչեւ 1 Սեպտեմբեր:
1570066450530200-AMD
1570066450530201-USD
INTERMEDIARY CITIBANK NA, NEW YORK
SWIFT (BIC) CITIUS33
BENEFICIARY’S BANK AMERIABANK, YEREVAN SWIFT (BIC) ARMIAM22
BENEFICIARY’S NAME – YERKIR FOUNDATION
Որեւէ հարցի պարագային կրնաք զանգահարել +374-93-56-85-06 հեռախօսահամարին:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
«Երկիր» հիմնադրամ»