Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2020-ին, Ռաս ուլ Այնի մէջ գտնուող թրքական ուժերը 8-րդ օրն ըլլալով կը շարունակեն Հասիչէի ջուր հասցնող Ալլուք ջրամատակարարման կայանի ջրամուղերը փակ պահել եւ Հասիչէի բնակիչները ջուրէ զրկել, սպառնալով մէկ միլիոն բնակիչի կեանքին եւ պատճառ դառնալով պսակաձեւ ժահրի համաճարակին վտանգին սաստկացումին:

Հասիչէի ջուրի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն, երկրչփ. Մահմուտ Աքլէ յայտնեց, որ թրքական ուժերը Ալլուք ջրամատակարարման կայանէն դուրս բերելու բոլոր աշխատանքները ձախողութեան մատնուեցան եւ մինչեւ օրս Հասիչէի բնակիչները ջուրէ զրկուած են ամրան տաք օրերուն, աւելցնելով որ Ալլուք ջրամատակարարման կայանը փոխարինող կայան չկայ: Աքլէ յայտնեց, որ առայժմ բնակչութեան ջուրի պահանջը կ’ապահովուի կառավարութեան տրամադրած տակառներով, որոնք կը լեցուին մօտակայ ջրհորերէն: Ան հաստատեց, որ ջրհորերու ջուրը մարդկային սպառման յարմար չէ, ըմպելի չէ, միայն տուներէ ներս ներքին օգտագործման համար է: Աքլէ շեշտեց, որ Հասիչէի ջուրի տագնապին միակ լուծումը թրքական ուժերուն Ալլուք ջրամատակարարման կայանէն դուրս գալն է, այլապէս որդեգրուած ներկայ միջոցները ժամանակաւոր են եւ այս հարցը շրջան մը վերջ մարդկային մեծ աղէտի պատճառ պիտի դառնայ: