«Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան գրասենեակին նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԳՄ գրասենեակէն ներս 28 Օգոստոսին տեղի ունեցած հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ու ՀՅԴ ԳՄ անդամ Շաղիկ Մարուխեան, քննարկուած են հայրենադարձ լիբանանահայերու եւ սուրիահայերու հարցերը:
Ողջունելով ներկաներուն` ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը իր ողջ ներուժը մշտապէս օգտագործած է հայրենիքին մէջ հայրենադարձներուն հաստատման օժանդակելու համար ` եւ վերստին արտագաղթի ցաւալի դէպքերու նուազեցումին:
Ըստ ԳՄ ներկայացուցիչին, հարցերը շատ են եւ բազմաշերտ, որոնք ունին ինչպէս առարկայական ,նոյնպէս ալ ենթակայական պատճառներ: Անոնք պէտք է արձագրուին պատկան պետական մարմիններու կողմէ, ուսումնասիրուին եւ համապատասխան ջանքեր գործադրուին` արագ լուծում տալու ուղղութեամբ:
Քննարկումին ներկայ լիբանանահայ եւ սուրիահայ հայրենադարձները մատնանշեցին իրենց յուզող եւ հրատապ լուծման կարօտ շարք մը հարցեր, որոնք կարելի է խմբաւորել հետեւեալ կէտերու մէջ.
-Հայրենադարձողներուն յաճախ հետաքրքրող հարցերուն պատասխանները պարունակող հարթակներու հասանելիութեան դիւրացում: Խօսքը ՀՀ օրէնսդրութեան` հայրենադարձներուն առաւելապէս շատ առնչուող դրոյթներուն, ՀՀ պետական օղակներու կողմէն մատուցուող շարք մը ծառայութիւններու եւ առաւել պարզ եւ հասանելի հարթակներու եւ ձեւաչափերու ստեղծման մասին է: Ներկաները փաստեցին, որ շատ հարցեր կ’առաջանան իրազեկացումի բացակայութենէն, եւ հայրենադարձները շատ անգամ տարրական տեղեկութիւններ չունին հայրենիքի մէջ իրենց առաջին քայլերուն, առաջնային իրաւունքներուն ու պարտականութիւններուն մասին:
-Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հայրենադարձածներու շրջանին սուր կերպով առկայ է ՀՀ վարորդական իրաւունքներու վկայականներու բացակայութեան կամ մեծ դժուարութիւններով ձեռքբերման հարցերը: Հարցը՝ միջազգային հանրագիրերու պահանջներով , ՀՀ-ի մէջ կարելի չէ ներկայացնել Սուրիոյ եւ Լիբանանի վարորդական իրաւունքները եւ ուղղակիօրէն առանց քննութիւն յանձնելու, ստանալ ՀՀ վարորդական իրաւունքի վկայական: Իսկ ՀՀ-ի օրէնքին հիման վրայ քննութիւն յանձնելը, ըստ հայրենադարձներուն, կապուած է բազմաթիւ դժուարութիւններու հետ` սկսեալ լեզուականէն (քննական հարցաշարերն ու հարցատոմսերը արեւելահայերէն են), չյաջողելու պարագային զգալի գումարներու վատնում, որուն կարելիութիւնը այսօր գրեթէ չունին անոնք: Հայրենադարձները կը պահանջեն պետական պատկան օղակներէն` յատուկ ընթացակարգերով դիւրացնել ՀՀ-ի վարորդական իրաւունքի վկայականներ ստանալու գործընթացը: Հարցը առաւելապէս կարեւոր կը համարուի, եթէ նկատի առնենք այն հանգամանքը, որ շատերը իրենց կեցութիւնն ու առաջին քայլերը ընելու համար կը փափաքին աշխատիլ իբրեւ ինքնաշարժի կամ բեռնափոխադրամիջոցներու վարորդներ:
-Հայրենադարձները մտահոգ են նաեւ շարք երեւոյթներով, որոնք ոչ միայն հոգեբանական, այլեւ նիւթական իմաստով ունին բացասական ազդեցութիւններ: Ըստ անոնց, հայաստանաբնակներու կողմէն բնակարաններու եւ ծառայութիւններու վարձավճարները երբեմն արհեստականօրէն կը սղին` մեկելով այն հանգամանքէն, որ վարձակալը կամ ծառայութիւններէն օգտուողը սփիւռքահայ է: Ներկաներէն մէկն ալ փոխանցեց, որ Երեւանի Մալաթիա – Սեբաստիա վարչական շրջանին մէջ գտնուող Աւետիսեան դպրոցին մէջ սփիւռքահայ ըլլալուն համար վիրաւորած են երեխային, որուն պատճառով ինք երեխային հանած է այդ դպրոցէն:
-Հայրենադարձներու համար առանձնակի դժուարութիւններ ստղծուած են , երբ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ոչնչացած է իրենց ունեցուածքը, որոնք զանազան ձեւով կ’օգուէին ՀՀ-ի մէջ բնակելու համար: Սոյն հարցը յառաջացած է Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած վերջին պաթումին եւ անոր նախորդած դրամի արժէզրկման եւ տնտեսական ծանրագոյն իրավիճակին պատճառով:
-Հայրենադարձներուն մօտ, բնականաբար, սուր կերպով առկայ է աշխատանք չունենալու, ընկերային եւ կենցաղային դժուարութիւններուն առնչուող բազմաթիւ հարցեր: Հարցը քիչ մը կը մեղմանայ պետութեան կողմէ տրուող հարկային որոշակի արտօնութիւններու պարագային: Սոյն առաջարկը եւս որոշուեց անյապաղ կերպով բարձրացնել պետական պատկան օղակներուն:
-Հայրենադարձներու շրջանին մէջ կան ընտանիքներ, որոնք կը փափաքին վերաբնակիլ Արցախի մէջ:Հակառակ որոշակի աշխատանքներուն, այդուհանդերձ, տկաւին առկայ են բազմաթիւ նիւթական եւ այլ բնոյթի դժուարութիւններ այս ուղղութեամբ: Ներկաները այս հարցը եւս խնդրեցին բարձրացնել ՀՀ եւ Արցախի համապատասխան պետական կառոյցներուն:
Ամփոփելով մատնանշուած հարցերը` հայրենադարձները փաստեցին, որ իւրաքանչիւր ներկայի շրջապատին մէջ նոյն հարցերու լուծում կը սպասեն մօտաւորապէս 40 այլ ընտանիքներ , եւ խօսքը հազար ընտանիքի կամ շուրջ 4 հազար մարդու մասին է:

Վ. Սարգսեան