Պսակաձեւ ժահրի համավարակի պայմաններուն լոյսին տակ, Հալէպի Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի “Բեթէլ Բուժ Կեդրոն”ը շարունակեց իր առաքելութիւնը՝ ամէն ջանք ի գործ դնելով, թէ՛ տեղացիներուն եւ թէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն բժշկական բազմապիսի օգնութիւն տրամադրելով։
Ուստի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, բարձր գնահատելով ընթացող աշխատանքը, 29 Օգոստոս 2020-ին,Բեթէլ եկեղեցւոյ “Շիրաճեան” սրահէն ներս տեղի ունեցած գնահատական հաւաքի մը ընդմէջէն “Բեթէլ Բուժ Կեդրոն”ի բժիշկներուն եւ անձնակազմին իր երախտիքի եւ շնորհակալական խօսքերը ուղղեց։ Վերապատուելի Համայնքապետը “Սպիտակ Բանակ” անուանելով զանոնք, շեշտեց առողջապահական մարզին մէջ իրենց բերած կարեւոր ներդրումը, նկատի առնելով ամէնօրեայ վտանգի սպառնալիքը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ Մարդասիրական խումբին՝ իր առաքելութեան եւ գործակցութեան համար, մաղթելով նորանոր ծրագիրներու յաջող ընթացք։
Աւարտին, Վերապատուելին գնահատագիրներով պատուեց բոլորը, իսկ տեղացի բժիշկներուն նիւթական նուէրներ ալ տրամադրուեցան։
Սոյն հանդիպումին իրենց ներկայութիւնը բերած էին նաեւ Հալէպի Առողջապահութեան տնօրէնն ու ՀՀ Մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ Արկատի Տօնոյեանը։ Առողջապահութեան տնօրէնը իր խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ բարձր գնահատեց կատարուած աշխատանքը։ Այնուհետեւ ՀՀ Մարդադիրական խումբի ներկայացուցիչը երախտագիտութիւնը յայտնեց երկուստեք տարուող փոխգործակցութեան առնչութեամբ, մաղթելով առաւել բարգաւաճ օրեր։
Յետ հաւաքին, անոնք Վերապատուելի Համայնքապետին գլխաւորութեամբ ուղղուեցան կեդրոն։ Հալէպի Առողջապահութեան տնօրէնը սոյն շրջագայութեամբ մօտէն ծանօթացաւ “Բեթէլ Բուժ” կեդրոնէն ներս գործող բժշկական սարքաւորումներուն։
Յիշենք, որ “Բեթէլ Բուժ” կեդրոնը 2013_էն սկսեալ ծառայութիւն կը մատուցէ։ Ներկայիս կեդրոնէն ներս կը գործեն տասը տարբեր մասնագիտութեամբ 26 բժիշկներ, որոնցմէ չորսը ՀՀ Մարդասիրական խումբին մաս կը կազմեն։
Կեդրոնի աշխատանքի ժամերն են՝ առաւօտեան ժամը 10։00_2։00,
Կէսօրէ ետք ժամը 5։00_8։00։