«Ասպարէզ».- «Քովիտ-19» համաճարակին սկիզբէն ի վեր, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան շրջանի Հոգեբանական կեդրոնը տարբեր մօտեցումներով համայնքին կ՛ընծայէ հոգեբուժութեան իր ծառայութիւնները: Հոգեբանական կեդրոնի մասնագիտացած անձնակազմը կ՛աշխատի տոքթ. Իտա Գարայեանի վերահսկողութեան տակ:
Այս դժուար ժամանակին, անհատներ կրնան ունենալ չափազանց յոյզեր՝ ճնշուաշութեան, վախի կամ անորոշութեան հետ կապ ունեցող եւ նման հարցեր յաղթահարելու համար օգտակար է խորհրդատուութիւն ստանալը եւ խօսիլը մասնագէտ հոգեբանին հետ:
(Հաղորդագրութիւնը՝ ՀՕՄէն)