Կիրակի, 5 Սեպտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 67 նոր պարագաներ արձանագրուեցան, 15 պարագաներ բուժուեցան եւ 4 վարակուածներ մահացան։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 3171-ի, մահացածներունը՝ 134-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 730-ի։