4 Սեպտեմբերին, Քանատայի մէջ, Մոնրէալի Հայ Կեդրոնի մուտքին մօտ տեղի ունեցաւ կոմիտաս Վարդապետի կիսանդրիի բացման արարողութիւնը: Արարողութեան ընթացքին ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր- Խաչատուրեան:
«Բացումը կը կատարենք յուշարձանի մը, որ մեր միասնութիւնը կը խորհրդանշէ` արեւմտահայ ծագումով, Էջմիածնի մէջ ծառայած, Արեւմտահայաստանի մէջ աշխատած, Եւրոպա ուսանած մեր սիրելի Կոմիտասի կերպարը, որ ինքնին հոյակապ ներկայացուցիչն է միասնական հայութեան, որ ոչ միայն լսեց ու բերաւ հայկական երգերը, վերծանեց անոնք, մշակեց ու հայացուց այլեւ զատեց օտար խազերէն ու ելեւէջներէն», յայտնեց Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը:
Կիսանդրիի հեղինակը քանդակագործ, դոկտոր Մկրտիչ Տարաքճեանն է: