Դժուար է հրաժեշտի խօսք արտասանել համազգայնական մեծարժէք ընկերուհիի մը մահուան առիթով։

Դժուար է եւ տխրալի հետեւիլ թաղմանական արարողութեան, որուն ընթացքին կը լսուի «Ի Վերին Երուսաղէմ»ը ։

Դժուար է յատկապէս, երբ վերջերս հողին յաջորդաբար կը յանձնեցինք մարմիները մեր նուիրական, բազմաշնորհ եւ վաստակաշատ համազգայնականներուն, որոնք իրենց կեանքի տեւողութեան սատարեցին մեր գոյատեւման ու մղիչ ուժ հանդիսացան յաջորդող սերունդներուն։

Անոնց մէջէն երիցագոյնը ընկհ. Էմման էր, որ այսօր յաւիտենապէս կը բաժնուի իր հարազատներէն, ընկեր-ընկերուհիներէն, հազարաւոր աշակերտ-աշակերտուհիներէն եւ իր պաշտած համազգայինէն, որուն անդամներուն բծախնդիր եւ գործնական խորհրդատուն էր։

Առանց չափազանցութեան կրնանք ըսել,  որ չկայ համազգայնական մը, որ ծառայած ըլլայ այս միութեան, այնպէս ինչպէս ծառայած է ընկհ. Էմման, երբեմն սեւ ու երբեմն ալ ինքնամոռաց աշխատանք տանելով, ինչ որ ոչինչ պակսեցուց իր համազգայնականի արժանիքէն, այլ բնորոշեց միութենականի իր ինքնամոռաց նուիրումի հանգամանքը։

Կրթական մշակ, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի եւ Համազգայինի երկարատեւ անդամ ընկերուհին եղաւ հաւատաւոր դաստիարակ, գործիչ, յօդուածագիր, թղթակից եւ թարգմանական գրականութեան նուիրեալ մը։

Իր ծառայութեան հետքերը կը տեսնենք ամէնուր, սկսեալ Ազգ. Հայկազեան Վարժարանէն մինչեւ Հալէպահայ բեմերուն վրայ եւ յաճախ քուլիսներու ետին, մշակութային ծառայութեան վառ օրինակ հանդիսանալով։

Համազգայինի իւրաքանչիւր ժողովի աւարտին տուն վերադառնալով, ընկհ. Էմման անպայման պէտք էր գրի առնէր ժողովին  ատենագրութիւնը եւ առաւօտուն յանձնէր գործավարուհիին, իսկ ձեռնարկներու թղթակցութիւնը իր գրական ոճով‏՝  «Գանձնասար» պաշտօնաթերթին։

Երեւոյթ մըն էր Էմման. աշխատանքի մարտահրաւէրներու  հերոսուհի մը, բացառիկ ներկայութիւն մը կրթական, մշակութային,  ազգային , միութենական թէ ընկերային կեանքէն ներս։

Անոր աշխատելաոճը օրինակ պէտք է հանդիսանայ միութենականերուս, որպէսզի արդիւնաւէտ ըլլան մեր մշակած ծրագիրները։

Ակնարկ մը նետելով  ընկերուհիին կեանքի փուլերուն վրայ, կրնանք հաստատել, որ անոր նպատակակէտը եղաւ յանձնառութիւնը եւ  պատասխանատուութիւնը, յանուն ազգային եւ հաւաքական մեր կեանքին սպասարկութեան, դառնալով իտէալ համազգայնական մը իր գիտակից ծառայութեամբ եւ յաւերժ ներկայութեամբ։

Եթէ պրպտենք Համազգայինի թղթածրարները, հոն պիտի գտնենք Էմման իր գեղեցիկ ձեռագիրով, օրինակելի գեղեցիկ աշխատանքով։ Ան երբեք խնդրոյ առակայ չդարձուց իր անձը ու երբեք իրեն չվերագրեց միութեան արձանագրած նուաճումները, ընդհակառակը՝ զանոնք նկատեց մեր հաւաքական ճիգին արդիւնքը։

Համազգայինի տարեգրութեան մէջ անպայման ոսկի տառերով  պիտի արձանագրուի Էմմային անունը, գլխագիր անունը, որ եղաւ ողնաշարը նախ  Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղին, ապա Շրջանային Վարչութեան։

Եղաւ դաստիարակ եւ հայերէն լեզուի դասատու։ Պաշտամունքի աստիճան սիրեց Համազգայինը եւ գործեց լուռ ու անշուք, իսկ աչքերը փակեց նոյն լռութեամբ։

Սիրելի՛ Էմմա, քու հրաժեշտովդ Համազգայինը կը կորսնցնէ քառասուն երկար տարիներու հաւատաւոր նուիրալ միութենական մը:

Կը խոնարհինք յիշատակիդ առջեւ, շեշտելով որ անհրաժեշտ էր վաստակդ գաղութիս  ուշադրութեան արժանացնել համապատասխան շքանշանով մը:

Յիշատակդ անթառամ մնայ, սիրելի՛ Էմմա:

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւն