«Երկիր Մետիա».-Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին ՀՀ կառավարութեան դիմումի հիման վրայ  կիրառելու որոշում առած է:

«Յատկապէս նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ ստեղծուած իրավիճակը կրնայ յանգեցնել համաձայնութեան լրջագոյն խախտումներուն, ՄԻԵԴ-ը 7 դատաւորէն կազմուած Պալատի կազմով որոշած է կիրառել Դատարանի կանոններուն 39-րդ կանոնը: Նման խախտումներ կանխելու համար, ինչպէս նաեւ 39-րդ կանոնին համաձայն, ՄԻԵԴ-ը կոչ ուղղած է եւ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին զերծ մնալ այնպիսի միջոցներէն, յատկապէս ռազմական գործողութիւններէն, որոնք կրնան յանգեցնել քաղաքացիական բնակչութեան  իրաւունքներու խախտումին՝ վտանգելով անոնց կեանքն ու առողջութիւնը: ՄԻԵԴ-ը նաեւ կոչ  ուղղած է Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կատարելու իրենց պարտաւորութիւնները, յատկապէս համաձայնութեան 2-րդ (կեանքի իրաւունք) եւ 3-րդ (խոշտանգումներու եւ անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատիժի արգելք) յօդուածներու առումով:

Երկու բարձր պայմանաւորուող կողմերը կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտով, իրենց պարտաւորութիւններու կատարման մասին տեղեկութիւն պէտք է ներկայացնեն Եւրոպական դատարան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: