ԱՄՆ Լոս Անճըլըս քաղաքին մէջ բազմահազարանոց բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է։Հազարաւոր լոսանճըլըսահայեր հաւաքուած էին Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան շէնքին դիմաց, բողոքելով Արցախի ամբողջ սահմանի երկայնքով Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներուն դէմ:

Ցուցարարները նաեւ դատապարտած են ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ լկտի եւ յանցաւոր միջամտութիւնը:

Ցոյցը այնքան բազմամարդ էր, որ Լոս Անճըլըսի Պրենտվութ թաղամասին մէջ գտնուող Վիլշիր Պուլվարի բանուկ հատուածը փակուած է ցոյցի ընթացքին:

Ցոյցը կազմակերպած էր Լոս Անճըլըսի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը:

Ի տարբերութիւն Յուլիսին նմանատիպ բողոքի ցոյցին, երբ խումբ մը ատրպէյճանցիներ խափանեցին նախաձեռնութիւնը բռնութիւն հրահրելով եւ ցուցարարներուն սպառնալով, այսօր բողոքի ցոյցը խաղաղ անցած է: