Երբ սէրն ի յաշխարս եկաւ, եկաւ իմ սիրտս բնակեցաւ.
Հապա յիմ սրտէս ի դուրս՝ յերկրէ յերկիր բնակեցաւ.
Եկաւ ի գլուխս ելաւ, ի ըղեղս ելաւ թառեցաւ։
Աչիցս արտասուք ուզեց, նա արիւն ի վար վաթեցաւ։

Նահապետ Քուչակ

    «Սիրոյ գիրքը» Ռուբէն Սեւակի ներանձնական՝ նուրբ, հարուստ ու գեղեցիկ աշխարհը կը բացայայտէ։ Բաղդատած «Քաոս», «Կարմիր Գիրք» հատորներու, հոս, նիւթին հետ, կը փոխուին նաեւ գրելու ոճը, շունչը։ Չարիքի ու կեղծիքի դէմ անոր զայրոյթի, ընդվզումի, նոյնիսկ ատելութեան տրամադրութիւններուն կու գան փոխարինելու նուրբ, ներդաշնակ ու բազմաշերտ հոգեկան ապրումներու անկեղծ ու խանդավառ պատկերներ։ Այս նիւթին մէջ Սեւակ ինք է ամբողջութեամբ։

Կարծիք կայ, թէ ժամանակակից արեւմտահայ բանաստեղծներու մէջ ան կը յատկանշուի իր իւրօրինակ սիրերգութեամբ։ Բնականօրէն՝ իւրաքանչիւր իրա՛ւ բանաստեղծ իւրօրինակ է եւ նոյն նիւթին կը մօտենայ միայն իրեն յատուկ կերպով։ Մեծարենցին երգած սէրը այնքան նուրբ ու վերերկրային է, որ աւելի երազի աշխարհի կը վերաբերի։ Սիամանթօն մերժեց ձեռք զարնել սիրոյ քնարին, այնքան ատեն որ հայրենիքը կ’արիւնահոսէր։ Վարուժանին քով սիրոյ զգացումը մարդու հոգեկան աշխարհը ամբողջացնելու, գեղեցիկի գաղափարը հաստատելու միջոց է։ Թէքէեան տակաւին չէր գրաւած իր բարձունքները։ Սեւակ սիրերգակ է ըստ իր էութեան։ «Քերթողը» քերթուածին մէջ բանաստեղծը կը խոստովանի, որ ինք քերթող է շնորհիւ Սիրոյ ու սիրած էակի՝

……

Ո՜հ, ես քերթող եմ. քնարի մը պէս

Հրճուանքէդ մատիս տակ կը նուագես,

Շրթունքդ կ’այրի համբոյր- կրակէս,

Ու կը գինովնամ ձայնէդ հրակէզ,

Քերթո՛ղ եմ աղուո՛ր, զայն կը պարտիմ քեզ…

 

Անոր  քնարը սիրած կնոջ մարմինն է, ու երգած սէրը միանգամայն երկրային է, որ կրնայ հարազատ ըլլալ իւրաքանչիւրին՝ իր հրճուանքներով ու նաեւ՝ ցաւով։ Սեւակ բժիշկ էր, եւ մարդկային մարմինը իրեն համար գաղտնիքներ ու արգելքներ չունէր, Սեւակ բանաստեղծ էր, ու մարդկային հոգին իր մշտական պրպտումներու դաշտն էր։ Այս երկուքին դաշնութիւնը կը ծնէր երիտասարդական թարմ, անկեղծ ու ապրուած զգացումներ։

Քերթողութեամբ Սեւակին հոգեհարազատ գրչեղբայր Տէրեան կը մրմնջէր. «Եթէ սէր չկայ, ինչի՞ համար պիտի ապրեմ այս չար աշխարհում…», իսկ Իսահակեան կ’ըսէր. «Կեանքս կը տամ սրտից բխած համբոյրին, ա՛խ թէ մէկը ինձ հասկանա՛ր ու սիրէ՛ր»։ Եւ այսպէս՝ բանաստեղծները միշտ անկաշառ, անկեղծ սիրոյ կարօտը ունին։ Սեւակին համար եւս սէրը տիեզերքը լեցնողն ու կեանքը իմաստաւորողն է. «Սակայն աւաղ անսէր կեանքին։-Կեա՞նք է որ…» կը մրմնջէ ու պատրաստ է սիրոյ համար տալ կեանքը.

 

Կ’ուզեմ մեռնիլ դիւցազնային

Սիրոյ մ’համար աղջկայ,

Յետոյ աչերս վար կը նային՝

Ո՞ւր է այն Սէրն, ա՜խ, չկայ…

 

Մարդու կեանքը կատարելապէս ներդաշնակ, իմաստալից, գեղեցիկ ու արժանաւոր դառնալու համար Սեւակ կը նշէ երեք գերագոյն բաղադրիչներ՝ Սէր, Իտէալ, Հոգի.

 

 Դուն որ Սէրն ես ու Իտէալն ես ու Հոգին,

Ու ինչ որ կայ ամէնէն վեհ ու մաքուր,

Ու ինչ որ կայ լացընող մեր ախտագին

Սրտին հազար հիւսկէնները թաքթաքուր,

Դուն որ Սէրն ես ու Իտէալն ես, ու Հոգին…

 

Սեւակի սիրոյ երգերուն մէջ մահուան գաղափարը մշտական ներկայութիւն է ։ «Մահազգացում», «Գացող Մարդը», «Երեք Ձիաւորներ», «Սիրոյ եւ Մահուան Երգը», «Սիրոյ Ծարաւ» եւ ուրիշ շատ քերթուածներու մէջ ան մահուան հարցը կը դնէ։ Անկախ հայոց ջարդերու բերած տրամադրութիւններէն, Սեւակ բժիշկ էր ու թոքախտաւորներու մահը իր կեանքին ամէնօրեայ իրողութիւնն էր։ Այդ նիւթին կապուած անոր խորհրդածութիւնները կը յայտնուին ե՛ւ քերթուածներու ձեւով, ե՛ւ «Բժիշկին Գիրքէն Փրցուած Էջեր» արձակ հատորին մէջ։ Սեւակ խորհող, վերլուծող միտք ունի ու մահուան իրողութիւնը անոր համար նաեւ կեանքին իմաստը առաւել խորացնելու նպատակ ունի։ Ան փիլիսոփայօրէն կը մօտենայ կեանքին, որ ցաւով լի է ու ցաւերու դարմանը Սէրը միայն կրնայ ըլլալ։ Ան կ’ուզէ սիրոյ ընդմէջէն երթալ մահուան, սէրը՝ որպէս գերագոյն ամոքիչ կեանքի ունայնութեան ու անխուսափելի մահուան։ Բոլոր ժամանակներուն մարդը յուզած այս նիւթը տարբեր ձեւերով կը գտնենք հայ բանաստեղծներու քով։ Թումանեանի Անուշի ու Սարոյի սէրը սիրահարներու մահէն ետք տիեզերքին մէջ կ’անմահանայ։ Վարուժանի «Հարճը» վիպերգի հերոսուհին՝ Նազենիկ, սիրածի գիրկին մէջ իր մահը կը գտնէ, սակայն անոր հոգին բարտիի ծառին մէջ կ’ապրի դար մը։ Սէրն է որ կ’ապրի՝ հակառակ չարին։

Սեւակ  սիրոյ զգացումին տարբեր երանգները կ’երգէ՝ երազանք, կարօտ, սպասում, յուսահատութիւն ու նաեւ՝ վայելք։ Կինը իր խորհրդաւորութեամբ  կը հմայէ բանաստեղծը.

 

Ահա գերին եմ հպումիդ.

Սեւ աչքերուդ մութը բոլոր,

Զիս կը վարէ քայլամոլոր…

Ո՞ւր, ո՞ւր այսպէս, ահե՜ղ ժպիտ…

 

Ու սակայն կինը ճանչնալ փորձող բանաստեղծին ան կը թուի ըլլալ խիստ հակասական էակ, որ սիրոյ արբեցումին հետ միասին նաեւ անտարբերութեան «մոռացութեան անդունդը» ունի՝

Ո՛վ կնոջ սիրտ, պաշտամունքով, արցունքով

Ու կեղծիքով հրաշակերտուած սի՛րտ աղուոր,

Ուր կարկաչող սիրոյ չքնա՛ղ ակին քով՝

Մոռացութեան անդո՛ւնդը կայ ահաւոր…

Սիրոյ զգացումը Սեւակին մէջ լիարժէք է։ Ան չի վարանիր սիրոյ արբեցումը ամբողջացնող՝ մարմնական վայելքի նկարագրութենէն։ Իր ստեղծագործական շրջանին արեւմտահայ քերթողութեան մէջ ի յայտ եկաւ «հեթանոսական» շարժումը, որմէ տարբեր չափերով ազդուեցան մեր բանաստեղծները, երբեմն երթալով գռեհկութեան ու տգեղ մարմնական նկարագրութիւններու։ Այս առիթով Սեւակի մասին Արմէն Սեւան գրած է. «…իր մօտ իրապաշտի վրձինը աւելի ճիշդ հարուածներ ունի եւ զգացումի տարրը աւելի անկեղծ ակէ մը կու գայ, որով՝ հանդուրժելի կ’ըլլայ ու աւելի վեր կը կանգնի քան իր նախորդները՝ Վոսփորի Ափին»։ «Հեթանոս» բանաստեղծները գեղեցկութիւնը կը տեսնէին մարդու հոգեկան ու մարմնական ներդաշնակութեան մէջ, իսկ կինը մշտական գեղեցկութիւն էր, ներշնչումի աղբիւր, կեանքի նորոգութեան, փթթումի ու շարունակութեան խորհրդանիշ։ «Հեթանոսական» շարժումին գագաթնային արտայայտութիւնը ու կատարելութիւնը, անտարակոյս, Վարուժանի «Հեթանոս Երգեր»ն էր։ Սեւակ եւս գեղեցկութիւններ կը տեսնէ կնոջ մարմնի ու առողջ սիրոյ մէջ՝ ի հակադրութիւն ծախու սէրերու երեւոյթին, որ խախտած է մարդու հոգեկան ներդաշնակութիւնը։ Տէրեան այս երեւոյթին համար կ’ըսէր՝ «Ա՜խ, ոսկով են գնում քեզ, անհաս ցնորք իմ հոգու»։ «Գինով Սէր», Ովսաննա…», Քնացող Աջիկը», «Ահա Կ’երգես, Դասիանա» եւ այլ քերթուածներ կնոջ գեղեցկութեան հանդէպ Սեւակի սիրոյ ջերմ ու անկեղծ վկայութիւններն են։ «Երգ-Երգոց»ին առաջին համարներուն մէջ սիրած կինը Դուրեանի կամ Մեծարենցի ոգիով՝ նուրբ ու վերերկրային պատկերներով կը ներկայանայ բանաստեղծին՝

Երա՞զ. տեսի՞լ, անգոյ ստուե՞ր մ’անհոգի,

Ճառագայթի, փրփուրի խա՞ղ մը տարտամ։

Քմայապաշտ ծաղի՞կ մ’արդեօք ցնորքի,

Քու մշուշոտ գիծերուդ ի՜նչ անուն տամ.

Երա՞զ. տեսի՞լ, անգոյ ստուե՞ր մ’անհոգի։

Սակայն յաջորդող համարներուն մէջ գեղուհին հետզհետէ մարմին կ’առնէ եւ կը ներկայանայ որպէս սիրոյ վայելքի մարմնացում ու բանաստեղծի պաշտամունքի  էակ՝

Իզո՜ւր։ Հոգիս թաղուիլ կ’ուզէ յուլօրէն

Ստինքներուդ մտերմութեանը մէջ կոյս.

Ու անութիդ որոշ ծալքերը նորէն

Գիտեմ որ զիս պիտի տանջեն մինչեւ լոյս…

Քու մէջդ հոգիս թաղուիլ կ’ուզէ յուլօրէն։

Եւ ինչո՞ւ գայթակղիլ այս «բաց» նկարագրութենէն, երբ տակաւին 16-րդ դարուն ապրած իր գրչեղբօր՝ մեր հրաշալի սիրերգակ Քուչակի նոյնանման ու աւելի գայթակղիչ հայրէնները մենք կ’ընթերցենք հաճոյքով։

Սեւակի սիրերգութեան ամէնէն նուրբ ու նաեւ խոր քերթուածներէն է «Ինչո՞ւ»ն։ Կը թուի, թէ գաղափարը մէկ է ու կ’ամբողջանայ առաջին համարէն իսկ, սակայն յաջորդող իւրաքանչիւր համար կը խորացնէ զայն եւ զգացական ու մտային ալեկոծութեան մէջ կը դնէ ընթերցողը։ Կան սիրային քերթուածներ, որոնք որոշ տարիքի մը կը յուզեն, ու հասուն տարիքիդ միայն հին յուզումդ կը յիշեցնեն։ Կան նաեւ քերթուածներ, որոնց խորութեան կ’անդրադառնաս հասունացումի աստիճաններով բարձրացումիդ հետ, երբ ան տակաւին ըսելիք ունի քեզի։ «Ինչո՞ւ» քերթուածը տարիք չունի։ Հոն միտքը այնպէս միաձուլուած է զգացումին, որ իւրաքանչիւր ընթերցումիդ թախծոտ ջերմութեամբ կ’ողողէ հոգիդ ու անվերջ կը բացայայտես անոր բազմաշերտութիւնը։ Այսպէս՝ համար առ համար.

Միտքով ու հոգիով հասուն բանաստեղծը տագնապ, նաեւ կարեկցանք կը զգայ տակաւին կեանքին աչքերը նոր բացող աղջկան հանդէպ ու նաեւ՝ պատասխանատուութիւն, որ անոր մէջ սէր արթնցուցած է։ «Փոքրիկ Աղջիկը» սովորական մարդոց սովորական համակրութենէն վեր զգացումի մը կը ձգտի, մինչդեռ բանաստեղծը «ծեր արծիւ» մըն է, անոր հոգին բարձունքներ ու խորխորատներ կը չափագրէ, հոն կայ ապրուած ու փլուզուած անցեալ, ու ոչ՝ թիթեռի թռվռում։

Յաջորդ համարը զմայլելի քնքշութեամբ կը խորացնէ բանաստեղծին ափսոսանքը։ «Փոքրի՛կ Աղջիկ»ը աշխարհը տակաւին կ’ընկալէ որպէս կապոյտ երազ, աշխարհին նոր բացուած անոր աչքերը սիրոյ ու հրճուանքի ակնկալիքով լեցուն՝ «պլպլուն երգ» են։ Բանաստեղծը «սիրոյ մրմունջ»ը  բաւ կը նկատէ անոր, մինչդեռ ան կեանքին Ցաւը ճանչցած ու այդ ոլորտին մէջ տառապող մարդու «գուժկան մռունչը» ընտրած է։

Այնուհետեւ կը խորանայ երկու անձերու միջեւ տարբերութիւնը՝ կեանքի ցաւերու եւ անարդարութիւններու բաւիղներուն մէջ քալող բանաստեղծին առջեւ միշտ ցաւոտ «ինչու»ներուն փոթորիկը կայ։ Դո՛ւն, փոքրի՛կ աղջիկ, անտեղեակ ես, որ սիրոյ հրճուանքին ու երջանկութեան անբաժան մասն է նաեւ ցաւը, տառապանքը, ու այդ ապրած մարդուն հետ քու մատղաշ սէրդ չի կրնար «պլպլուն երգ» ըլլալ։

Վերջապէս՝ բանաստեղծը իր էութեամբ մեծ ՍԷՐՆ է, հոն կը մեռնի Ես-ը, հոն սիրող երկու անձերուն համար կայ միայն Ան, եւ այդ Սէր Աստուածն է։ Բանաստեղծի երազած սէրը կատարեալ նուիրումն է, ուր երջանկութիւնը ու տառապանքը կը քալեն ձեռք ձեռքի։ Դո՛ւն, «փոքի՛կ աղջիկ», կրնա՞ս ամբողջ էութեամբդ «մեռնիլ», միաձուլուիլ այլ էութեան, որ արդէն հոգեկան կատարելութիւնն է՝ սիրոյ աստուածացումը։

Իրականութեան մէջ կատարեալ քերթուած մը վերլուծելը անշնորհակալ գործ է, քանի որ մեզմէ իւրաքանչիւրը հոն կը գտնէ ի՛ր ըսելիքը։ Այդ հաճոյքը չզլանանք մեր ընթերցողին։ Ահաւասիկ՝

 

Ինչո՞ւ, ինչու՞ զիս սիրեցիր,

Փոքրիկ աղջիկ, քեզի մե՜ղք էր.

Փոքրիկ ծոցիդ թիթեռ պէտք էր.

Դուն ծեր արծի՛ւ մը բանտեցիր…

 

Կապոյտ աչուիդ երբ որ բացիր,

Կապո՞յտ աղջիկ՝ պլպլուն երգ էր.

Քե՜զ ալ սիրոյ մրմունջ պէտք էր,

Դուն գուժկան մռունչս ընտրեցիր…

 

Ես կ’երթամ մի՜շտ, անծայրածի՜ր,

Դամբաններ են ոտքիս հետքե՛ր,

Քեզ սիրոյ մեղմ սիւք մը պէտք էր,

Դուն փոթորկի՜ն կուրծքդ բացիր…

 

Կ’այրի՜ն աչերդ սեւածիր,

Պիտի մեռնիս, այդպէս մ’երգեր,

Քեզի փոքրիկ սէր մը պէտք էր,

Դուն Սէր- Աստուա՛ծը սիրեցիր…

Լալա Միսկարեան-Մինասեան