Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ

Մէկ անգամ եւս Ատրպէյճանը Թուրքիոյ գործուն մասնակցութեամբ գրոհեց մեր հայրենիքին վրայ: Արցախի սահմանի երկայնքով Ատրպէյճանի յարձակումները ոչ միայն թիրախաւորած են մեր բանակը, այլեւ սահմանային գօտիի եւ նոյնիսկ Ստեփանակերտի եւ յարակից շրջաններու անզէն քաղաքացիները: Ատրպէյճանը յանդգնած է յարձակիլ Հայաստանի բնակավայրերուն վրայ:

Թէեւ Հայոց բանակը տուած է անհրաժեշտ հակահարուածը եւ վճռած, որ անպայման յաղթելու ենք, մենք ունեցանք եւ տակաւին կ’ունենանք զոհեր, որոնց կորուստը կը սգանք: Անոնց հարազատներուն կը փոխանցենք մեր խորին ցաւակցութիւնները, յարգանքն ու երախտագիտութիւնը:
Մեզի համար գօտեպնդող է, որ ողջ հայութիւնը ի հայրենք եւ ի սփիւռս աշխարհի, բռնցքուեցաւ որպէս միասնական հարուածող ուժ` դիմակայելու համար հայրենիքին սպառնացող վտանգը: Մենք աշխատելու ենք, որ ամէն գնով պահպանուի այդ միութիւնը եւ մեր թշնամիները տեսնեն, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը աներեր կանգնած է իր զոյգ պետութիւններուն ու բանակին կողքին:
Մենք այնպիսի պարտութեան պէտք է մատնենք մեր թշնամիները, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան այլեւս երբեք չհամարձակին պատերազմի միջոցով փորձեն բռնազաւթել Արցախը կամ յարձակիլ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ
Այսօր թշնամին պատերազմ սանձազերծած է ողջ հայութեան դէմ: Այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրը զինուորագրուած է այս պատերազմին, որպէսզի իր կարողութեան սահմաններուն մէջ սատարէ մեր յաղթանակին: Այսօր կեանքի-մահուան պայքար կը մղենք ոչ միայն Արցախի ճակատի վրայ: Այնտեղ հայ զինուորը «Մահ կամ Ազատութիւն» նշանաբանով կը մաքառի թշնամիին դէմ ու ոգին ի բուռ կը պաշտպանէ հայրենիքը, իսկ ողջ հայութիւնը կը շարունակէ աշխարհով մէկ պայքարիլ քաղաքական ու քարոզչական մարզադաշտերէն ներս` զօրաշարժի ենթարկելով համաշխարհային հանրութիւնը, որ ան դիրքորոշուի ի նպաստ Հայաստանի ու Արցախի: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այս յարձակման առաջին իսկ րոպէներէն լարեց իր կազմակերպական մեքենան, կազմակերպեց ճակատ մեկնող կամաւորական պահեստազօր, ծրագրեց Հայ Դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն ճանապարհով քարոզչական եւ լոպպինկի արշաւ եւ իր համակիրներու ցանցը մղեց լծուելու բազմաշերտ համաշխարհային պայքարի` ի սպաս մեր հայրենիքին:
27 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտէն չորս ուղղութեամբ սկսանք մեր գործը:
Առաջին․ մարտական դաշտի վրայ` Հայաստանի ու Արցախի մէջ զօրաշարժի ենթարկեցինք մեր կամաւոր պահեստազօրը եւ որ մաս առ մաս մեկնեցաւ եւ կը շարունակէ մեկնիլ Արցախ, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան ներքոյ իր մասնակցութիւնը բերելու այս գոյամարտին: Խոր յարգանք իրենց ու բոլոր կամաւորներուն, որոնք ընդառաջեցին զօրահաւաքի կոչին ու այսօր կը մարտնչեն հայ զինուորի կողքին:
Երկրորդ․ միասնականութեան ստեղծման համար` մեծապէս ողջունելի է այն համահայկական միասնականութիւնը, որ գրաւականն է մեր յաջողութեան: Ամէն գնով պէտք է գուրգուրանք ու ամրապնդնենք այդ միասնականութիւնը մեր հայրենիքի ներսը եւ Սփիւռքի մէջ: Սա լաւագոյն փաստն է, որ ճգնաժամի պահուն, ամէն տարակարծութիւն մէկ կողմ դրած, մենք պարտաւոր ենք բռնցքուելու եւ այդկերպ վարելու մեր հայրենիքի ու հայութեան սրբազան գործը:
Երրորդ․ համաշխարհային գրոհի կազմակերպութեամբ` մեր պայքարը Արցախի սահմանագիծին վրայ չէ միայն: Այսօր մենք կը պայքարինք աշխարհով մէկ քաղաքական ու քարոզչական մակարդակներով, որպէսզի քօղազերծուին թշնամիներու իսկական նկրտումները, յարձակողապաշտ նկարագիրը եւ հայատեաց քաղաքականութիւնը: Այսօր մեր դէմ մեծ պատերազմ ծաւալած են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը միջազգային ահաբեկչական վարձկաններու ներգրաւոպմով կը փորձեն շրջել պատերազմի ալիքը: Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է հասցնել հատու հակահարուած համահայկական բոլոր կարելիութիւններով: Արդէն սկսած ենք քաղել մեր մարմիններու, Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ համակիրներու կողմէն տարուող քաղաքական ու քարոզչական գրոհի արդիւնքները: Պետութիւններ շարժած ենք միջազգային կազմակերպութիւններու դէմ, միջազգային կազմակերպութիւններու ազդեցիկ դէմքեր անցած են գործի: Արեւմտեան, արեւելեան, արաբական եւ նոյնիսկ իսլամական աշխարհի մամլոյ գործակալութիւնները կը տարածեն մեր ներկայացուցիչներու ելոյթները տարածաշրջանային ուժերու եւ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն մէջ, բազմապատկած ենք մեր երիտասարդներու ցոյցերն ու աշխատանքը ընկերային ցանցերու վրայ:
Եւ չորրոդ․ մեր բանակի ու պետութեան նիւթական կարիքներու ապահովման համար` արդեն ձեռնարկած ենք համահայկական հանգանակութիւն, որպէսզի մենք ալ մեր բաժինը բերենք մեր բանակին ու հայրենիքին անմիջական կարիքներուն, միաժամանակ աշխարհի տարբեր կողմերէն` դեղորայք, սննդամթերք, հագուստեղէն եւ այլ անհրաժեշտ իրեր ու պարագաներ հասցնելու հայրենիք:
Սիրելի՛ հոգեհարազատներ
Վտանգը տակաւին առկայ է, սակայն մեր վճռականութիւնը անխախտ է: Մեր հայրենանպաստ գործը պէտք է շարունակենք վերանորոգ թափով, պէտք է կռուինք աննկուն կամքով ու ողջ ուժով: Անտարակոյս յաղթելու ենք:
Կեցցէ՛ մեր քաջարի բանակը,
կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը,
կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը,
կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը: