Լաթաքիոյ մէջ հրդեհէն վնասուած շրջանները այցելելէ ետք, այսօր, 14 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ այցելեց Թարթուս նահանգի Սաֆիթա շրջանին ենթակայ Մաշթա ալ Հլու գիւղը, ուր եւս հրդեհ բռնկած էր։ Զբօսաշրջային Մաշթա ալ Հլու գիւղն ու անոր յարակից գիւղերը ենթարկուեցան ահաւոր վնասներու, գիւղատնտեսական հողատարածքները ամբողջովին բռնկեցան եւ արձանագրուեցան բազմաթիւ վիրաւորներ եւ շնչահեղձ պարագաներ։ Նախագահ Ասատին ընդունեց տեղացի բնակիչներու հոծ բազմութիւն մը։ Անոնք Ասատին յայտնեցին իրենց պահանջներն ու անհրաժեշտ կարիքները, որպէսզի կարենան շուտով վերականգնել իրենց հողատարածքները եւ շարունակեն իրենց աշխատանքը։