«Երկիր մետիա»․- Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեան «ՌԻԱ Նովոստի»ն յայտնած է, որ Ռուսիոյ ուղղուած Երևանի դիմումը կ՛ենթադրէ զինուորական օգնութեան կարելիութիւն: Անոր ծաւալները կը քննարկուին խորհրդակցութիւններու ընթացքին:
«Նման կարելիութիւն կայ», ըսած է դեսպանը՝ պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօ՞ք խօսքը կը վերաբերի Ռուսիայէն զինուորական օգնութիւն խնդրելուն:
«Մեր միջպետական համաձայնագիրին համապատասխան՝ խօսքը անյապաղ խորհրդատուութիւններ կատարելու մասին է: Մենք կը կարծենք, որ սպառնալիքը արդէն մեր սահմաններուն մօտ է եւ որոշ դէպքերու պարագային՝ մեր տարածքին: Այդ իսկ պատճառով մենք կը կարծենք, որ կրնանք հիմնուիլ գոյութիւն ունեցող երկկողմ համաձայնագիրին վրայ: Խօսքը խորհրդակցութիւններու մասին է, որպէսզի յստականան անհրաժեշտ օգնութեան ծաւալը, տեսակը և միւս հարցերը», ըսած է ան: