Չարաշունչ հրէշ, արիւնի ծարաւ
Կը տարածես մահ, հիւսիս թէ հարաւ
Պղծասէր կիրքով միշտ վատահամբաւ
Սուրի եւ հուրի ձայնդ լսուեցաւ
Մեր հորիզոնը ետ խաւարեցաւ:
Ճանապարհը մեր Գողգոթա եղաւ
Հայոց բանակը օրհնութիւն առաւ
Նենգաւորին դէմ պայքար մղուեցաւ
Թափով աննահանջ ուխտին կառչեցաւ
Արեան գնով ալ չարին «Ոչ» ըսաւ:
Մահացու հարուած, թշնամին հասաւ
Բայց հայը խաչով ներշնչուեցաւ
Կեանքի Տուիչին իր սիրտը բացաւ
Ջերմ աղօթքներով յոյսին կառչեցաւ
Հին հերոսներուն հետքով ընթացաւ:
Օրերը դաժան, դառնութիւն եւ դաւ
Ալեկոծ պահեր, տագնապներ սրտցաւ
Շատերու խիղճը ոհ պապանձեցաւ
Անձայն մնալով անիրաւ դարձաւ
Անմեղ զոհերուն պոռթկումն ուրացաւ:
Սարդարապատը նոր գոյն ստացաւ
Սուրբ Վարդաններու ծնունդը տուաւ
Արեան հեղումը ի զուր չէ հարկաւ
Կը հարթէ ուղին, երթը-յաղթարշաւ
«Վասն Հայրենեաց» խօսքը թարմացաւ:
Արի զինուորը խիզախ կանգնեցաւ
Հաստատ հաւատքով տոկաց-դիմացաւ
Տեսիլքով պայծառ գործի լծուեցաւ
Աստուծոյ կամքին համակերպեցաւ
Համայն հայութեան սիրտը շահեցաւ:
Տէր մեր պաշտելի, սիրովդ անբաւ
Մի՛ մերժեր հայուն խնդրանքը բնաւ
Կը գովենք փառքդ հրապարակաւ
Արցախն է մասունք, երկիր ուշագրաւ
Թող մնայ հայուն ընդմիշտ լիիրաւ:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան