Ազատութեան հրապարակին մէջ 13 Նոյեմբերին մեկնարկած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական 16 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն նախաձեռնած հանրահաւաքը: Կուսակցութիւնները հանրահաւաք հրաւիրած են` ներկայացնելու պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակէն ելքի իրենց տարբերակը:
Ժամը 16:00-ին կուսակցութիւններուն բոլոր ղեկավարները հրաւիրուած էին Յատուկ քննչական ծառայութիւն որոշակի բացատրութիւն տալու համար:
«Նիկոլ Փաշինեանի տարերային բնաւորութեան դառը պտուղները մենք կը քաղենք». իր ելոյթին մէջ ըսաւ ՀՀ նախկին վարչապետ Հրանտ Բագրատեանը Ազատութեան հրապարակին մէջ 17 կուսակցութիւններուն հրաւիրած հանրահաւաքին:
Բագրատեանը յայտնեց, որ Արցախը յանձնելու փաստաթուղթը ստորագրողը քարտէզին ծանօթ չէ եղած եւ չէ իմացած, որ այդ քարտէզը ստորագրելու եւ Շահումեանի շրջանը (Քելբաջարը) յանձնելու պարագային կտրուած է կապը Կապանի եւ Գորիսի միջեւ:
Հրանտ Բագրատեան յիշեցուց, որ ինք տակաւին Յունիսին ըսած է, որ պատերազմ կը սպասուի, որովհետեւ ինքը, չըլլալով զինուորական, հետախոյզ կամ բանակային, կը հասկնար, որ տեղի պիտի ունենայ, որովհետեւ զէնքի տեսակներ կան, որոնց ժամկէտը դուրս պիտի գայ Նոյեմբերին:
Բագրատեան մեղադրեց իշխանութիւնները սխալ զինատեսակներ գնելու վրայ գումարները մսխելու եւ մեր զինուորին կռուելու առիթ չտալուն համար: Ան նաեւ մարտավարական սխալներու մասին ակնարկեց:
Ան վստահ է, որ ստորագրուած փաստաթուղթէն վերջ տակաւին կարելի է ինչ-որ բան ընել: