ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան դիմատետրի իր էջով կը գրէ, որ սեփական պաշտօնը պահպանելու համար Փաշինեանը հիմա ալ հերթական թատրոնի նոր արար բեամդրած է` մեղադրանք ներկայացնելով «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանի, նախկին «Հանրապետական» խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանի, Արցախեան ազատամարտի հրամանատար ազատամարտիկներ Աշոտ Մինասեանի եւ դաշնակցական Աշոտ Աւագեանի նկատմամբ:
«Հայաստանի վարչապետը ապաշխարհելու եւ ներում հայցելու փոխարէն ընտրած է քաղաքական բռնաճնշումներու եւ բռնապետ դառնալու ճանապարհը:
Մեզի այս բեմադրութիւնը նախապէս ծանօթ է, բայց մեզի ասով վախեցնելը անկարելի է:
Սեփական պաշտօնը պահպանելու համար Փաշինեանը հիմա հերթական թատրոնի նոր արար բեամդրած է` մեղադրանք ներկայացնելով «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանի, նախկին «Հանրապետական» խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանի, Արցախեան ազատամարտի հրամանատար ազատամարտիկներ Աշոտ Մինասեանի եւ դաշնակցական Աշոտ Աւագեանի նկատմամբ:
Նիկո՛լ, դուն ի վերջոյ ստիպուած պիտի ըլլաս ձերբակալել ողջ հայ ժողովուրդը, որովհետեւ բացի քեզմէ ու քու խամաճիկներէն բոլորը կը մտածեն եւ կը գործեն յանուն հայրենիքի փրկութեան:
Հեռացի՜ր անցնցում եւ մեր երկիրը նոր արկածախնդրութեան մի տար»: