«Երկիր».-Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի վարչակարգի պահպանման նկատմամբ վերահսկողութիւն իրականացնելու նպատակով` ռուսական խաղաղապահները Հարաւային եւ Հիւսիսային պատասխանատուութեան գօտիներուն մէջ տեղակայած են 18 դիտորդական կէտեր: ՌԴ ՊՆ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է, որ ռազմաերթեւեկայաին ինքնաթիռներով կը շարունակուի անձնակազմի, սպառազինութեան, ռազմական եւ յատուկ ճարտարագիտական փոխադրումը Հայաստան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը շարունակուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հիմնական ուժերու ճնշող տեղակայումը:

14 Նոյեմբերին 15-րդ առանձին մոտոհրաձգային  ստորաբաժանումները աւարտած են «հիւսիս» պատասխանատուութեան գօտիին մէջ դիտակէտերու տեղակայումը:

Ներկայիս հրադադարի վարչակարգի պահպանման նկատմամբ վերահսկողութիւն իրականացուցած են 9 դիտակէտերու մէջ Հարաւային պատասխանատուութեան գօտիին եւ 9 դիտակէտեր Հիւսիսայինում պատասխանատուութեան գօտիին մէջ»,- յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ՌԴ ՊՆ-ն յայտնած է, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերի կառավարումը իրականացուած է Ստեփանակերտի մէջ տեղակայուած հրամանատարական կէտէն: Հրադադարի վարչակարգը պահպանուած է շփման գիծի ողջ երկայնքով: