Նկատի առնելով զինուորական ծառայողներուն ծնողներուն եւ ընտանիքի անդամներուն բազմաթիւ դիմումները` կապուած պատերազմական գործողութիւններու մասնակիցներուն հանգիստի կարելիութիւն ընձեռելու հետ, ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը պարզաբանած է.

«Հակառակ եռակողմ համաձայնագիրի շրջանակով հաստատուած հրադադարին, զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները, ողջ անձնակազմով, կը շարունակեն կատարել իրենց առջեւ դրուած հարցերը: Մարտական գործողութիւններ այլեւս չեն ընթանար, որ կարելութիւն կու տայ անձնակազմի հանգիստը կազմակերպել զօրամասերու մշտական տեղակայման վայրերուն մէջ, իսկ առողջական հարցեր ունեցող զինուորական ծառայողներու բուժումը իրականացնել համապատասխան ընթացակարգով:

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը անվերապահօրէն բարձր կը գնահատէ հայոց բանակի մարտիկներու անձնազոհութիւնն ու հերոսական պայքարը պատերազմի ողջ ընթացքին եւ կը գիտակցի յարուցուած հարցի կարեւորութիւնը: Կը հաւաստիացնենք, որ իրադրութեան լիարժէք կայունացումէն վերջ կը կատարուի կարելին` մարտական գործողութիւններուն մասնակցած զինուորական ծառայողներուն արձակուրդ տրամադրելու հարցով:

Աւելցնենք, որ տուեալ պահունգործուն աշխատանքներ  կ’ընթանան եռակողմ համաձայնագիրի դրոյթներով սահմանուած եւ տարածքային լուծումներ ենթադրող քայլերու իրականացման հետեւանքով յառաջացած` շարք մը զօրամասերու մշտական տեղակայման վայրերը փոփոխելու եւ նոր տեղին մէջ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներ,  նաեւ` անձնակազմի կեցութեան եւ ծառայութեան կազմակերպման համար կարելի եղածին չափ բարեկեցիկ պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ: Աշխատանքները կ’իրականացուին առաւելագոյնս սեղմ ժամկէտներով»: