Վերջերս Ղարաբաղէն լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու ամբողջական հոսք սկսած է, որուն մէջ ցուցադրուած է «Ազատարարներու» (ատրպէյճանցիներու) կեանքը: Պղծուած են գերեզմանատուներ ու տաճարներ, ոչնչացուած են յուշարձաններ, աւերուած են բնակարաններ: Առաջին հայեացքէն, կարծես, տեսանիւթերու անկապ հոսք է` ուղարկուած որոշ ընկերներու եւ իբր պատահաբար յայտնուած համացանցի մէջ. գրած է թելեկրամեան Казачий дозор ալիքը:
«Իրականութեան մէջ նման բան չկայ: Այս ամէնը դիտաւորեալ տարածուած է: Անոնք ոչ թէ արտահոսք են, այլ տեղեկատուական պատերազմի ամենակարեւոր տարրը, որ Պաքուն իրականացուցած է Ղարաբաղի հայ բնակչութեան դէմ: Ուղերձը միանգամայն յստակ է. «Մի’ մտածէք հոս մնալ եւ նոյնիսկ մի’ փորձէք վերադառնալ հոս»: Ի վերջոյ, պէտք է հասկնալ, որ, պաշտօնական առումով, ատրպէյճանական կողմը իրաւունք չունի թոյլ տալու պայմանական փախստականին, որ տակաւին բնակարան ունի Շուշիի մէջ, վերադառնալ հոն: Այս յայտարարած է Ալիեւ բարձր ամպիոնէն: Փաստօրէն, ան ամէն ինչ կ’ընէ, որ տեղի չունենայ, եւ ոչ մէկ փախստական ոչ մէկ տեղ վերադառնայ: Հետեւաբար, տեղեկատուական աղբիւրները` Պաքուի կողմէ ինչպէս ուղղակի, այնպէս անուղղակիօրէն վերահսկուող, զօրաշարժ կատարած են, որ հոգեբանական ճնշում բանեցնեն վախի միջոցով` ցուցադրելով «արտահոսող» տեսանիւթեր եւ տարածելով լուրեր, օրինակ` սուրիացի թուրքմէններուն Ղարաբաղի մէջ վերաբնակեցնելու մասին:
Վերջնական նպատակը բնիկ ժողովուրդէն Ղարաբաղի առաւելագոյն մաքրումն ու անոր արագ փոխարինումն է, նաեւ 5-10 տարի յետոյ, եթէ քուէարկութիւն կատարուի միջազգային հսկողութեան ներքոյ, հայերը այլեւս չմասնակցին անոր: Եւ այդ պարագային արդիւնքի հետ կապուած հարցեր հաստատ պիտի չըլլան: Իրականութեան մէջ, այս ամէնը արդէն կիրառուած է, հակառակ տարբեր պայմաններուն, 80-ականներու վերջին եւ 90-ականներու սկիզբը, երբ Ատրպէյճանի մէջ ոչնչացուեցան հայկական (եւ ռուսական) գերեզմանատուներ…Ամէն ինչ կատարուեցաւ, որպէսզի հայերը հասկնան, որ չեն վերադառնար պայմանագրութեան բնակութեան վայրեր: Եւ անոնք այլեւս չվերադարձան:
Նման բան մը տեղի ունեցած է Տոնպասի մէջ, ուր ուքրանական կողմը աշխուժօրէն սեղմած է տարածաշրջանի բնակչութեան դէպի Ռուսիա, որպէսզի երբ  անոր թիւը որոշակի մեծութեան հասցուի, աւելի հեշտ պիտի ըլլայ փորձել ռազմական գործողութիւն իրականացնել: Եւ նման փորձ պիտի ըլլայ որեւէ պարագային, անոնցմէ խուսափելու ոչ մէկ տարբերակ չկայ: Միակ հարցն է, թէ երբ: Եւ շատ բան ցոյց կու տայ, որ արդէն շուտով…», կը գրէ ալիքը: