Քրտական Telegram-ի պատկերասփռուող ալիքները կը պնդեն, որ թուրքերը տակաւին կը շարունակեն ապօրինի հնագիտական աշխատանքները Սուրիոյ Աֆրինի Նապի Խորի շրջանին մէջ. յայտնած է ռուս ռազմական թղթակից Իւրի Քոթենոքը:
Յատկապէս` խօսքը գերեզմաններու զանգուածային բացման մասին է: «Կը վախնամ, որ շատ շուտով նոյն ճակատագիրը կը սպասէ հնագոյն հայկական վանքերուն, որոնք կը գտնուին ատրպէյճանական բանակի կողմէն գրաւուած տարածքին», յայտնած է ռուս լրագրողը: