Սիրելի հայրենակիցներ,
Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութեան յախուռն եւ անհեռատես արտաքին քաղաքականութիւնը լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնեցուց մեր երկիրը: Յաւուր պատշաճի չկարեւորուեցան տասնամեակներով ձեւաւորուած ռազմավարական բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները Ռուսիոյ Դաշնութեան, գործընկերային սերտ յարաբերութիւնները Իրանի, Չինաստանի, Վրաստանի, բազմաշերտ յարաբերութիւնները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան երկիրներու հետ եւ այլ արտաքին քաղաքական ուղղութիւններ: Այս ամէնուն ուղղակի հետեւանքն էր սոյն թուականի 9 Նոյեմբերին ստորագրուած աննախադէպ պարտուողական յայտարարութիւնը: Այդ փաստաթուղթին մէջ առկայ են բազմաթիւ անորոշութիւններ, որոնք կը վերաբերին Արցախի Հանրապետութեան իրաւական կարգավիճակին, տարածքային հարցերուն, հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հարցերուն, ռազմագերիներու, պատանդներու, պահուող այլ անձերու եւ մահացածներու մարմիններու փոխանակման, ինչպէս նաեւ տեղահանուած անձերու եւ փախստականներու վերադարձին:
Հայկական դիւանագիտութեանը կը սպասուի ծանրագոյն աշխատանք յառաջիկայ բանակցային գործընթացը պատշաճ մակարդակով իրականացնելու համար: Մեզի տրուած է պատմական կարելիութիւն հետեւողական աշխատանքով ապացուցելու, որ հայ դիւանագէտը արժանի է պատերազմի դաշտին հերոսութեան բացառիկ օրինակներ ցուցաբերած մեր զինուորներուն եւ սպաներուն նկատմամբ:
Սակայն այս ամէնը կարելի է միայն ձախողած վարչապետին եւ անոր կառավարութեան հրաժարականի պարագային: Անհրաժեշտ է ձեւաւորել ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող ղեկավար քաղաքական իշխանութիւն, որ կ’առաջնորդուի ազգային-պետական շահերու խոր գիտակցումին վրայ հիմնուած արտաքին քաղաքականութեամբ: Պէտք է ժամ առաջ համազգային կարողականութեամբ ու հետեւողական քայլերով Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախը դուրս բերել այս ծանր վիճակէն: Պարտուողական եւ ազգային նուաստացման քաղաքականութիւնը ապագայ չունի:

Հրայր Կարապետեան
ՀՀ արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար
Արա Յակոբեան
ՀՀ արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար
Ռուբիկ Յակոբեան
ՀՀ արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար
Վարդան Յակոբեան
ՀՀ արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար
Էդգար Ղազարեան
ՀՀ արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար
Յովհաննէս Մանուկեան
ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
Արման Նաւասարդեան
ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
Արա Սահակեան
ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
Օլեգ Եսայեան
ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
Աշոտ Գալօյեան
ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան

Ցանկը բաց է ՀՀ այն դիւանագէտներուն համար, որոնք պիտի միանան յայտարարութեան:
04.12.2020 թ.