Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Հայ Օգնութեան Միութեան Քանատայի Շրջանային Վարչութեան եւ մեր միութեան համայն ընտանիքին անունով, մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք արհաւիրքի օրեր ապրող եւ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած Արցախի մեր ժողովուրդին, մեր հերոս զինուորներուն եւ քաջարի բանակին։ Խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք անմահացած զինուորներու եւ պատերազմի ընթացքին զոհուած հայրենակիցներու ընտանիքներուն։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որպէս բարեսիրական կազմակերպութիւն, իր ներուժը համախմբած, անմիջական եւ անվերապահ աջակցութիւն կը հասցնէ մղձաւանջային պայմաններու մէջ գտնուող եւ լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող մեր ժողովուրդին։
Առ ի տեղեկութիւն, պատերազմի առաջին իսկ օրէն լծուած ենք հանգանակային դրամահաւաքի արշաւի, որմէ գոյացուցած ենք $523․490, եւ որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի ՀՕՄ-ի մարդասիրական օգնութեան ծրագիրներուն:
Առաջին փուլին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխանցուած $100․000 ամերիկեան տոլարի գումարը յատկացուեցաւ սնունդ եւ ձմեռնային տաք զգեստներ ապահովելու Հայաստան ապաստանած Արցախի հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ դեղօրայք եւ բժշկական սարքեր հասցնելու Երեւանի հաշմանդամ զինուորի Հերացի Վերականգնողական Կեդրոնին։
Երկրորդ փուլին, վարչութիւնս դեղօրայք արտադրող հաստատութիւններու դիմած եւ ապահոված է $200․000 արժողութեամբ դեղեր եւ այլ անհրաժեշտ բժշկական սարքեր, որոնց ցանկը մեզի փոխանցուած է ՀՀանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան կողմէ: HPIC (Health Partners Internatioal Canada) բարեսիրական կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար $200․000 դեղօրայք առաքուեցան ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան: Ցարդ $400․000 արժողութեամբ դեղ ուղարկած ենք Հայաստան:
Երրորդ հանգրուանին ծրագրած ենք չորս ամսուան համար Արցախէն տեղահանուած 100 ընտանիք հովա-նաւորել: Ամէն մէկ ընտանիքի հովանավարութիւնը կ՝ենթադրէ $1․000 ամերիկեան տոլար: Յանձնախումբ մը աշխատանքի լծուած է առցանց աճուրդ մը կազմակերպելու 13-14 Դեկտեմբերին, որմէ գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի այս ծրագրին: Այլ յանձնախումբ մը կազմուած է, կաղանդի առթիւ ուրախ տրամադրութիւն ստեղծելու, խաղալիքեր եւ այլ նուէրներ բաժնելու 500 Արցախի երեխաներուն:
Աշխատանքը կը կատարուի համադրուած ու կազմակերպուած կերպով, որպէսզի հանգանակուած ամէն մէկ գումարը ծառայէ մեր ժողովուրդի իսկական կարիքներուն:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այսու կու գանք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել բոլոր նուիրատուներուն, իրենց սրտաբուխ եւ առատաձեռն նուիրատուութեան ու ՀՕՄ-ի հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան, իսկ մեր կամաւորներուն իրենց անշահախնդիր նուիրումին համար։
Հանգանակութիւնը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ Հայաստանն ու Արցախը կարիքը ունին մեր օգնութեան։ Համասփիւռքեան համադրուած եւ միասնական ջանքերով է որ պիտի յաղթահարենք մեր հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Հաւատարիմ մեր առաքելութեան եւ ազգային խոր գիտակցութեամբ ու պատրաստակամութեամբ, կրկին պիտի շրջանցենք այս ճգնաժամը:

Հայ Օգնութեան Միութեան
Քանատայի Շրջանային Վարչութիւն